ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 30ի նիստին կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կատարեց իր 2003 Յունիս 13ի հիմնական կենսաթոշակներու չափերու մասին որոշումին մէջ:
Ըստ կառավարութեան նոր որոշումին, կենսաթոշակներու չափը՝ 4250էն բարձրացուած է 6800 դրամի, իսկ ապահովագրական 1 տարուան արժէքը 230ի փոխարէն սահմանուած է 375 դրամ: Կատարուած փոփոխութիւններու արդիւնքով, կենսաթոշակներու միջին չափը պիտի բարձրանայ 60 տոկոսով եւ պիտի կազմէ մօտաւորապէս 20 հազար դրամ (մօտ 58 տոլար):
Աւելցած է նաեւ զինուորականներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներու ընկերային ապահովութեան մասին օրէնքներով նախատեսուած կենսաթոշակի չափը եւ 3000ի փոխարէն սահմանուած է 4000 դրամ:
Սոյն որոշումը պիտի գործադրուի 2008ի Յունուար 1էն սկսեալ: