ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Երէկ Ռուսիոյ մէջ սկսան ԱՊՀի հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի «Մարտական գործակցութիւն-2007» լայնածաւալ հրամանատարական ռազմափորձերը՝ ռազմամթերքով: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ռազմաօդային ուժերու գլխաւոր հրամանատարի օգնական գնդապետ Ալեքսանդր Տրոպիշեւսքի:
Գնդապետը նշեց, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին վեց երկիրներ՝ Հայաստան, Պելոռուս, Ռուսիա, Քիրկիզիստան, Ղազախստան եւ Իւզպէքիստան: Ռազմափորձերը կը բաղկանան չորս փուլերէ: