ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով Երեւանէն իր մեկնումի պահուն յայտարարեց, որ հայկական կողմը համաձայն է նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայանալիք հանդիպումի մը:
Մերզլեաքով այս յայտարարութիւնը մամուլին կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Պաքու մեկնելէ առաջ:
Ռուս դիւանագէտը նաեւ ըսաւ, թէ «մենք տակաւին պէտք է ատրպեճանական կողմին համաձայնութիւնը ստանանք այս հանդիպումին համար, Պաքուի մէջ, թէեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով այս մասին յայտարարութիւն կատարած էր»:
Պատասխանելով երեք համանախագահներէն միայն երկուքին Երեւան ժամանած ըլլալուն մասին հարցումի մը, Մերզլեաքով ըսաւ, թէ համանախագահները իրենց միջեւ բաժնած են աշխատանքը եւ թէ ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա այս օրերուն պիտի տեսակցի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Արկատի Ղուկասեանի հետ, որ այս օրերուն կը գտնուի Մ. Նահանգներ:
Մերզլեաքով ըսաւ նաեւ, թէ «իր ընդհանրութեան մէջ կը խորհինք, որ այս տարին կ’աւարտի բաւական լաւատես տրամադրութեամբ: Եթէ յաջողինք երկու կողմերու այս տրամադրութիւնը վառ պահել, այդ պարագային 2007ը պիտի թեւակոխենք բաւալան լաւ հեռանկարներով»:
Իր կարգին, ֆրանսացի համանախագահ Ռեռնար Ֆասիէ դիտել տուաւ, որ «նման հակամարտութիւն մը լուծելը կը նմանի խաղաղութեան պատի մը կառուցումին»:
Ֆրանսացի դիւանագէտը աւելցուց ըսելով. «Ամէն անգամ, որ մենք կը փորձենք օգնել կողմերուն, որպէսզի երկու աղիւս աւելցնեն այս պատին ու մեր կարգին աղիւսներ աւելցնենք, լաւ նշան է: Սակայն այդ պատը ներկայիս այդքան ամուր չէ, որպէսզի կարենանք խաղաղութեան համաձայնագիր մը մշակել»:
Ֆասիէ ըսաւ նաեւ, որ «ինչպէս ձեր արտաքին գործոց նախարարը (Վարդան Օսկանեան) ըսաւ, Հոկտեմբերէն ի վեր մենք (կողմերուն) կը ներկայացնենք ոչ թէ նոր, այլ յաւելեալ տարրեր եւ կը յուսանք որ այս նոր տարրերը պատեհութիւն կը ստեղծեն գործադրելու համար այդ մօտեցումը»:
Պատասխանելով ատրպեճանական կողմի ռազմաշունչ յայտարարութիւններուն առնչուող հարցումի մը, Մերզլեաքով ըսաւ, թէ վերջերս ատոնց թիւը սկսած է պակսիլ: «Մենք միշտ կ’ենթադրենք, որ նման «կրքոտ» հռետորութիւնը կը խոչընդոտէ գործընթացը, յատկապէս երբ այս տարրերը հրապարակ կը նետուին կարեւոր հանդիպումի մը կամ վճռական պահու մը նախօրեակին: Ամէն պարագայի, մենք չենք խորհիր, որ մեր հիմնական պարտականութիւնը կ’աւարտենք 2006ին՝ նախագահներու միջեւ կայանալիք երրորդ հանդիպումով»:
Այս կէտին վրայ, Ֆասիէ աւելցուց. «Այս իմաստով, Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ մենք մենք կեցուածք ունինք, որ պատերազմը պէտք չէ իրական հաւանականութիւն ըլլայ այս հակամարտութիւնը լուծելու համար»:
ԱՏՐՊԵՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄ
Չորեքշաբթի օր, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան գրասենեակի ղեկավար Նովրուզ Մամէտով լրագրողներուն յայտարարեց, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի մը հաւանութիւնը պիտի տայ միայն այն պարագային, երբ բանակցութիւնները սկսին շօշափելի հարցերու վրայ կեդրոնանալ:
Մամէտովի ակնկալութեամբ, Ալիեւի հետ համանախագահներու հանդիպումը պիտի յստակացնէ, թէ արդեօք յառաջխաղացք արձանագրուա՞ծ է հակամարտութեան գործընթացին մէջ, թէ ոչ: