ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Հանրային Ձայնասփիւռ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբերի 4ին, Մարտակերտի մէջ ԼՂի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի մասակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննուած է Մարտակերտի հիւանդանոցի կառուցման հարցը:
«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Արարատ Խլղաթեանցը նշած է, որ յատկացուած 600 հազար տոլար գումարը բաւարար չէ հիւանդանոցի շինարարութիւնը աւարտելու համար եւ հարկաւոր է Արցախի կառավարութեան նիւթական եւ կազմակերպական աջակցութիւնը:
Վարչապետ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է յատկացնելու մնացեալ գումարը:
Նշենք, որ ապագայ հիւանդանոցը համալրուած պիտի ըլլայ ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով եւ միաժամանակ պիտի կարենայ սպասարկել 250 հիւանդներու: