ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի միջոցներով վերակառուցուած է Փարաքար գիւղի Յովիկ Էտկարեանի անուան արուեստի դպրոցը:
140 հազար տոլար արժէքով ծրագիրը իրականացուած է ի յիշատակ Ստեփան եւ Գայանէ Թիրեաքեաններուն:
Ծրագիրի շրջանակով վերակառուցուած է տանիքը, յատակը, փոխուած են դուռները եւ պատուհանները, կատարուած են նաեւ ներքին յարդարման աշխատանքներ:
Նշենք, որ այս արուեստի դպրոց կը յաճախեն Փարաքարէն եւ մօտակայ գիւղերէն մօտ 200 աշակերտներ: