ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 19-22ին մասնակցեցաւ Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյժինկի մէջ կազմակերպուած Ասիական կրթական տարեկան համաժողովին, ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախարար Մկրտչեան:
Այցի ընթացքին նախարար Մկրտչեան առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Չինաստանի կրթութեան նախարար Ճոու Ձիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, հետագայ գործակցութեան զարգացման խնդիրներ:
Նշենք, որ Ասիական կրթական համաժողովը հիմնադրուած է 2003ին եւ նպատակաուղղուած է ասիական տարածաշրջանին մէջ կրթութեան համակարգի բարելաւումին: Սա համաժողովի երրորդ նիստն էր, որուն կը մասնակցէին պատուիրակներ շուրջ 40 երկիրներէ: Այս տարուան նիստը նուիրուած էր կրթութեան բնագաւառին մէջ մասնակից երկիրներու առկայ խնդիրներու ուսումնասիրութեան, կրթութեան զարգացման ուղղուած հետագայ աշխտանքներու քննարկման հարցերուն: