ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան արդէն միացած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բոլոր հիմնական հռչակագիրներուն եւ միջազգային պայմանագիրներուն: Բացի այդ, ընդունուած են շատ կարեւոր՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման եւ դրամի «լուացման» դէմ օրէնքներ:
Այս մասին Յուլիս 12ին «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրաստուածութեան ապահովում» խորագիրով միջազգային համաժողովին յայտարարեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան պետ, զօրավար Զաւէն Նանեան եւ նշեց, որ Հայաստան կը գործակցի այլ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններուն հետ եւ կը ստանայ այն ահաբեկիչներու տուեալները, որոնք կրնան Հայաստանի տարածքով տեղափոխուիլ այլ երկիրներ:
«Այսօրուայ դրութեամբ կարող ենք արձանագրել, որ Հայաստանի տարածքում որեւէ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւն գրանցուած չէ: Մեր երկիրը նաեւ տարանցիկ չէ: Այս առումով Հայաստանը, կարելի է ասել, ամենաապահով երկրներից է», յայտարարեց ան՝ բացատրելով, որ միջազգային ահաբեկիչները Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ունենալու հիմքեր չունին:
ԱԱԾ պետի տեղակալ, զօրավար Արմէն Դարբինեանի խօսքերով, արդէն աւանդութիւն դարձած է Հայաստանի եւ ՆԱԹՕի միջեւ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակման համար անհրաժեշտ շարք մը գործնական քայլերու ձեռնարկումը. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարում Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութիւնը ներկայումս արդէն կրում է որոշակի առարկայական բնոյթ», ըսաւ ան:
Ըստ Ա. Դարբինեանի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ տեղեկատուութեան փոխանակումը Հայաստանին հնարաւորութիւն կու տայ գործակցութիւնը կառուցել աւելի յստակ տեղեկատուական դաշտի մէջ: Հնարաւոր վտանգներու առաջացման վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակումը կողմերուն համար կը հեշտացնէ գործնականօրէն ահաբեկչական արարքներ կանխելու ընթացքին:
Նշենք, որ Հայաստան տեղեկատուութեան գործակցութեան առումով չի սահմանափակուիր Դաշինքի հետ գործակցութեամբ՝ զարգացնելով յարաբերութիւնները ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու հետ: