Նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հանդիպումը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպումէն ետք Օսկանեան հարցազրոյց տուաւ «Ազատութիւն» կայանին եւ ըսաւ. «Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը անոնք (Մինսքի խմբակի համանախագահներ. «Ա.») պիտի այցելեն շրջան։ Բովանդակային նորութիւն չունինք։ Երէկ համանախագահներու՝ Մամէտեարովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք վերատեսութեան ենթարկած ենք իրավիճակը եւ, դժբախտաբար, պէտք է ըսեմ, որ նոր յառաջընթաց չունինք։ Որոշակի համաձայնութիւն չկայ, այնպէս որ յոյսը դրուած է համանախագահներու յառաջիկայ այցելութեան վրայ, այն ակնկալութեամբ, որ անոնք ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու ընթացքին պիտի կարենան որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերել»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ասիկա չի՞ նշանակեր, որ Ատրպէյճան կը կարծրացնէ իր դիրքորոշումը, Օսկանեան ըսաւ. «Չեմ ուզեր առայժմ գնահատական տալ։ Յամենայնդէպս, նախագահներու Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումէն ետք Ատրպէյճան կարելիութիւնը ունեցած էր իրավիճակը գնահատելու, վերատեսութեան ենթարկելու համար եւ որոշ ժամանակ ետք, երբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին ժամանակ որեւէ նորութիւն տակաւին չկայ՝ ատիկա մեզի համար որոշ չափով ուղենիշ է, թէ ի՛նչ ուղիով կ՚երթայ գործընթացը»։
Վ. Օսկանեան նաեւ անհաւանական չգտաւ, որ յառաջիկայ նախընտրական զարգացումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ որոշակիօրէն կրնան ազդել բանակցային գործընթացին վրայ. «Անկասկած նախագահական ընտրութիւններու այդ շրջանը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ։ Խորհրդարանական ընտրութեան պարագան քիչ մը ուրիշ էր, մենք այդ մէկը չէինք կապեր բանակցային գործընթացին հետ։ Բայց եթէ նոյնիսկ նախագահական ընտրութեանց շրջանին կարելիութիւններ ստեղծուին, պէտք է զանոնք օգտագործել։ Հայկական կողմը պատրաստ է շարունակել գործընթացը, լսել առաջարկներ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ակնկալել համարձակ առաջարկներ»։
Ինչ կը վերաբերի Օսկանեանի պրիւքսէլեան այցելութեան առիթին, Եւրոպական միութեան նոր դրացնութեան անդամ պետութիւններու հաւաքին, ապա այս ծրագիրը, արտաքին գործոց նախարարին պնդումով, տեսանելի ապագային կրնայ Հայաստանի համար շօշափելի արդիւնքներ ապահովել։
«Հայաստանի համար ասիկա հեռանկարային ծրագիր է։ Փաստաթուղթը ծրագրային է եւ ընդգրկուն։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մեզի կարելիութիւն կ՚ընձեռուի համարկումի գործընթացներու սկսիլ Եւրոպական միութեան հետ, նախ եւ առաջ տնտեսական մարզին մէջ», աւելցուց Վ. Օսկանեան։