«Ազատութիւն»ը կը գրէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Եւրոպական խորհուրդի նախագահի Շարլ Միշէլի յայտարարութենէն ետք բարձրաձայն չի հաստատեր, որ Հայաստան Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: Բայց եւ այնպէս, Միշէլին այդ յայտարարութենէն ետք Երեւան նաեւ չի հերքեր այդ հաստատումը:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը պրիւքսէլեան բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերահաստատեցին իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յանձնառութիւնը: Այս անգամ, Միշէլ յատուկ կերպով ընդգծեց երկու երկիրներու տարածքը` Հայաստանին՝ 29 հազար 800 եւ Ատրպէյճանին՝ 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրը, որուն մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը:
Այս գծով հարցում ուղղուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանին, թէ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, կարգավիճակի հարց չէ՞ քննարկուած. ան կրկնեց, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներուն եւ ապահովութեան միջազգային գործիքակազմ ստեղծելու հարցին շուրջ: Թէ ո՞ր երկիրը պատրաստ է տալ միջազգային այդ երաշխիքը, Սաֆարեան ըսաւ, որ այդ գծով եւս բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ նշելով, որ կան շարք մը տարբերակներ․ անիկա կրնայ ըլլալ առանձին երկիր մը, կամ` ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը:
Ան յստակ պատասխան չտուաւ նաեւ այն հարցումին, թէ «եթէ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան շուրջ է բանակցութիւնը, ստացւում է` ո՞ր երկրի կազմում, այսինքն` Ադրբեջանի կազմո՞ւմ, Հայաստանի կազմո՞ւմ», այլ կրկնեց. «Բանակցութիւնները դեռեւս ընթանում են, դուք ինձ հիմա հարցնում ենք արդիւնքների շուրջ»:
«Ազատութիւն»ը հարցուց, որ եթէ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ յառաջընթաց չկայ` Ատրպէյճան կը մնայ իր տեսակէտին վրայ եւ կ՛ըսէ, որ Ղարաբաղի հետ նոյն սեղանին շուրջ չի նստիր, իսկ Հայաստան կը մնայ իր տեսակէտին վրայ՝ պնդելով, որ միջազգային տեսանելի գործիքակազմի ծիրին մէջ պէտք է այդ երկխօսութիւնը տեղի ունենայ․ այս պայմաններուն մէջ Հայաստան ինչպէ՞ս, Միշէլի յայտարարութեան համաձայն, կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը. արտաքին գործոց փոխնախարարը պատասխանեց. «Ինչպէս գիտէք, տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ էլ ճանաչուել է, այսինքն այստեղ նոր բան դժուար թէ լինի այս առումով: Այս պահին բանակցութիւններն ընթանում են Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքների եւ անվտանգութեան միջազգային մեխանիզմների (գործիքակազմ) շրջանակներում ապահովման շուրջ»:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութենէն, խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախկին նախագահ Արմէն Ռուստամեան այն կարծիքին է, որ պրիւքսէլեան բանակցութիւններուն մէջ շահողը միայն Ատրպէյճանը եղած է: «Պահանջ ու պարտաւորութիւն այսօր Ադրբեջանն ուղղակի անտեսում է, այսօր միջազգային դատարանի որոշումն է անտեսուել, դրա մասին մի ծպտուն հանե՞լ է Շարլ Միշէլը: Բա եթէ Հայաստանը չի բարձրաձայնում, ասում է` լաւ, մի տող չէ՞ք ուզում գրէք, որ ժողովուրդն արիւնաքամ է լինում, գոնէ դա գրէք: Անյապաղ էդ հարցը պէտք է լուծուէր, եթէ էդ հարցը չի լուծուել, ոչ մի հարց էլ չի լուծուելու», ըսաւ Ռուստամեան:
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, որ Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններէն ետք տակաւին յստակ բան չկայ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զօրքի ետ քաշուելուն կամ գերիներու վերադարձին շուրջ: «Իրենց կողմից պէտք է դա արուի նաեւ․ եթէ ինքը այդպիսի յայտարարութիւն է անում, երեւի իրենց կողմից քայլեր կը լինեն», նշեց Սաֆարեան:
Ըստ Սաֆարեանի՝ արտաքին գործոց նախարարներու ռուսական բանակցութիւնները պիտի ընթանան խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին շուրջ: