ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի դիրքորոշումը անփոփոխ է՝ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ: Յունուար 29ին նախագահի նստավայրին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին անգամ մը եւս յայտարարեց նախագահի մամլոյ խօսնակ Վիքթոր Սողոմոնեան:
Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստան պատրաստ է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, կազմել միջկառավարական յանձնաժողով, որ կրնայ զբաղիլ որեւէ հարցով: Բայց ան պէտք է չըլլայ նեղ մասնագէտներու, պատմաբաններու յանձնաժողով:
Պատասխանելով Հրանդ Տինքի սպանութեան պարունակով հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման մասին հարցումի մը, Վ. Սողոմոնեան նշեց, որ Տինքի մահը մեծ ցնցում յառաջացուց. «Միջազգային հանրութիւնը շատ բաներ ընկալեց այն խնդիրներից, որոնք բարձրացւում էին տարիներ շարունակ, բայց տեղ չէին հասնում: Նրա մահից բխող քաղաքական եզրակացութիւններ այս պահին անել հնարաւոր չէ: Կորստի ցաւը թոյլ չի տալիս այդ անել կամ նոր ճանապարհներ գծել», ըսաւ ան: