ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ քանի մը օր առաջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, թէ 10-24 տարեկաններու մօտ առողջապահական տեղեկութիւններու պակասը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք չկարենան պաշտպանուիլ Էյտզ հիւանդութեան դէմ:
ՄԱԿի զանազան գործակալութիւններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, «վտանգաւոր գօտիի» մէջ կը գտնուին յատկապէս ծնողազուրկ երեխայ-պատանի-երիտասարդները, տարիքային նոյն խումբին պատկանող յանցագործները, ներարկումներով թմրեցուցիչ գործածողները, պոռնիկները եւ միասեռականները:
Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչ Շելտըն Եթ ըսաւ, թէ յատկապէս անչափահասները շատ սահմանափակ տեղեկութիւն ունին, թէ ինչպէս պէտք է պաշտպանուին այս մահացու հիւանդութեան դէմ:
Ըստ ուսումնասիրութեան, պոռնիկներու միայն 30 տոկոսը, ներարկումով թմրեցուցիչ գործածողներու միայն 40 տոկոսը եւ միասեռականներու միայն 50 տոկոսը գիտեն, թէ Էյտզէ վարակումը ինչպէս տեղի կ’ունենայ եւ թէ ինչ պէտք է ընել պաշտպանուելու համար:
Եթ ըսաւ նաեւ, որ թէեւ Հայաստանի մէջ Էյտզի ցուցանիշները բաւական ցած են յարաբերաբար այլ երկիրներու, այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է թափ տալ կանխարգելիչ միջոցներու քարոզչութեան, այլապէս հիւանդութեան տարածումը կրնայ հակակշիռէ դուրս գալ. «Հիմա է ժամանակը քայլեր առնելու», ընդգծեց ան: