ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երկրի հիմնական օրէնքին մէջ երկքաղաքացիութիւնը թոյլատրող դրոյթի ամրագրումը արտերկիրի հայերը վաղուց կը սպասէին: Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն այդ առումով անկիւնադարձային էր: Սակայն փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են նաեւ օրէնսդրութեան մէջ: Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովը Փետրուար 5ին քննեց քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ շարք մը օրինագիծերու նախագիծերու թղթածրարը:
Ըստ առաջադրուած փաթեթի. «Ընտրութիւններին երկքաղաքացիները պէտք է մասնակցեն, որովհետեւ նրանք նաեւ ՀՀ քաղաքացի են: Բայց նրանք պէտք է մասնակցեն միայն ՀՀ տարածքում, այսինքն՝ մենք ուզում ենք վերացնել այլ երկրներում ընտրութեան կարգը: Մեծ վտանգ դրանից չի առաջանայ», յայտարարեց արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:
Բոլորովին տարբեր է նախագահի եւ պատգամաւորութեան թեկնածու առաջադրուելու պարագան. «Այլ բան է, որ ԱԺ պատգամաւոր ընտրուելու համար պէտք է լինել միայն Հայաստանի քաղաքացի, այսինքն՝ եթէ երկքաղաքացին լրացնի նստակեացութեան ցենզը եւ հրաժարուի այլ երկրի քաղաքացիութիւնից, կարող է լինել նաեւ ԱԺ պատգամաւորութեան թեկնածու», ըսաւ է Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան:
Թղթածրարին մէջ ներառնուած զինապարտութեան մասին օրէնքով, երկրորդ պետութեան քաղաքացիութիւն ընդունած Հայաստանի քաղաքացին զերծ չի կացուցուիր պարտադիր զինուորական ծառայութենէն, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ծառայա՞ծ է այլ երկիրի բանակի մէջ, թէ ոչ: Իսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունած այլ պետութեան քաղաքացին զինուորական ծառայութենէն զերծ կրնայ կացուցուիլ, եթէ մինչեւ Հայաստանի քաղաքացի դառնալը առնուազն 12 ամիս ծառայած է այլ պետութեան մը բանակի մէջ: Թէեւ որոշ պարագաներու, ծառայութիւնը հայկական բանակին մէջ անհրաժեշտութիւն է:
Նշենք, որ օրէնքի աւելի հանգամանալի քննարկում խորհրդարանին մէջ նախանշուած է այս քառօրեակին: