Կիրակի օր, Իսթ Լոս Անճելըս քոլէճի մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի եւ Փանամայի ազգային կազմերը բարեկամական մրցում մը կատարեցին, որ վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ (կիսախաղ՝ 0-0):
Փանամա իր առաջին կօլը նշանակեց 52րդ վայրեանին, օգտուելով Հայաստանի կազմի պաշտպաններու սխալէն: 10 վայրկեան ետք, իրաւարարը սուլեց անվիճելի փենալթի մը ի նպաստ Հայաստանի, որ կօլի վերածուեցաւ Արա Յակոբեանի կողմէ: Մրցումին ներկայ էին մօտաւորապէս 2500 ֆութպոլասէրներ:
Աւելցնենք, որ իրաւարարի դեղին ու կարմիր քարտերը (երբեմն անտեղի), արգելակեցին խաղի բնական ընթացքը:
ՖԻՖԱի ընդհանուր դասաւորման մէջ, Փանամայի կազմը կը գրաւէ 81րդ դիրքը, իսկ Հայաստան՝ 123րդ:
Նկարին մէջ, Արա Յակոբեան փենալթին կօլի կը վերածէ: