ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եթէ Ատրպէյճանը մինչ օրս չի սկսել իր ծաւալապաշտական յայտարարութիւնների իրագործումը, այսուհետ եւս չի սկսի, քանի որ գիտի, որ մեր բանակը մարտունակ է, գիտի մեր բանակի հնարաւորութիւնները: Եթէ նման հարց առաջանայ, մեր բանակն ի զօրու է լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրները», Սեպտեմբեր 3ին լրագրողներուն յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան՝ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց եւ ելեւմտական ու ամավարկային հարցերու յանձնաժողովներու խառն նիստին:
Այս նիստը կը քննէր 2006ի պետական ամավարկի օրէնքը՝ համապատասխան հաշուետուութեամբ եւ կայացաւ դռնփակ:
Պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ այս բնագաւառի 2006ի ամավարկը կատարուած է 100 տոկոսով եւ յատկացուած գումարները օգտագործուած են ըստ նպատակի: Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց գումարները ժամանակին յատկացնելու առումով եւ աւելցուց, որ պաշտպանութեան բնագաւառին որքան շատ գումարներ յատկացուին, կարելի չէ զանոնք բաւարար համարել:
Նշենք, որ 2006ի պաշտպանութեան յատկացուած ծախսերը կազմած են 78.3 միլիառ դրամ, ռազմական կարիքներուն յատկացուած է 74.5 միլիառ դրամ, այլ ծախսերը կազմած են 3.8 միլիառ դրամ: 2006ին ոլորտի ծախսերու բաժինը ընդհանուր ամավարկին մէջ կազմած է 16.3 տոկոս՝ նախորդ տարուան 15.4 տոկոսի փոխարէն: