ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Ուաշինկթընի Համաշխարհային դրամատան ցուցասրահին մէջ Դեկտեմբեր 6ին հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ հնագոյն եւ ժամանակակից հայկական գորգերու ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Համաշխարհային դրամատան համատեղ ջանքերով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիւսուած աւելի քան 30 բարձրարուեստ գորգեր: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ ամիս, ինչը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ծանօթանալու հայկական գորգարուեստի նմոյշներուն, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսին ուղեկցող նիւթերուն՝ Հայաստանի արուեստի հազարամեայ պատմութեան եւ ներկայի մասին: