ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային դրամատան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 6-7ին Լոնտոնի մէջ պիտի կազմակերպուի ողջունահանդէս, ուր պիտի ներկայացուի «Հայկական երկաթուղի» ընկերութիւնը կառավարման յանձնելու նախագիծը:
Ըստ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, հանդէսին պիտի մասնակցին շուրջ 40 օտար եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Կը նախատեսուի, որ «Հայկական երկաթուղի»ի կառավարիչի ընտրութեան մրցոյթը յայտարարուի ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին, Նոյեմբերին բացուին յաւակնորդ ընկերութիւններու ներկայացուցած առաջարկներու թղթածրարները, իսկ 2008ի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն յայտնի դառնայ երկաթուղիի կառավարիչի անունը: