Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդող իւրաքանչիւր օրը, շաբաթը, լոյս աշխարհ բերին )վաղը ամիսներն ալ նոյն գործը պիտի ընեն( իրականութիւններ, որոնք գաղտնիքներ չէին, սակայն եւ այնպէս, աղաղակող ապացոյցներ եղան մէկ կողմէ՝ հայկական, ու միւս կողմէ՝ թրքական ճակատներու դիրքորոշումներուն, պատմական ճշմարտութեանց ու զանոնք քօղարկել-դրժելու Թուրքիոյ անվաղորդայն ճիգերուն։
Երանի թէ Հրանդ փրկուած ըլլար ոճիրէն։ Այսպէս կը մտածէ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի ան։ Դժբախտ իրականութիւնը տարբեր է։ Եւ քանի որ 19 Յունուարի հանգրուանը արդէն մեր անցեալին կը պատկանի, ու ժամանակին մէջ դէպի ետ ոստում անկարելի է, այսօր, ողբերգական դէպքէն շաբաթներ ետք, աւելի վստահ կերպով կրնանք ըսել, թէ Հրանդի արիւնը զուր տեղ չհոսեցաւ:
Եկէք, պահ մը հաշիւին նստինք մենք մեզի հետ ու տեսնենք, թէ Հրանդ Տինքի զոհաբերութիւնը ինչո՛ւ յումպէտս չէր եւ զուր պիտի չանցնի։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ
Հայկական ճակատին վրայ, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը առիթ եղաւ մեր միասնականութեան բարձրաղաղակ արտայայտութեան։
Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան, եւրոպական ու ամերիկեան ոստաններէ մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, հոն՝ ուր հայու սիրտ մը կը բաբախէ մեր Դատին արձագանգներուն կշռոյթով, հանդէս եկանք միացեալ ու միակ արտայայտութեամբ մը. միասնաբար յայտարարեցինք ու աշխարհին յիշեցուցինք, որ այս ոճիրին առաջին ու վերջին պատասխանատուն Թուրքիոյ պետութիւնն է։ Այս ճշմարտութիւնը յայտարարուեցաւ պատասխանատու դիրքերէ, նաեւ գիտակից զանգուածներու մակարդակին վրայ։
Փաստօրէն, այս ոճիրը հանդիսացաւ մէկ մանրանկարը Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ հայութեան հանդէպ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային քաղաքականութեան, որ պատմութիւն կերտած է իրերայաջորդ ոճիրներով ու նախճիրներով, ապա՝ անոնց յաջորդած ուրացումներով ու դրժումներով։ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» հայութեան յայտարարութիւնը պարզապէս յիշեցում մըն էր Հրանդի այն վարքագիծին, որ հետամուտ էր Ցեղասպանութեան ճանաչման, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ իր պատմական ոճիրին ընդունման պահանջին։ Հայութեան կեցուածքը տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ հայը միասնական է ու միակամ՝ իր արդար իրաւունքներուն պահանջատիրութեան մէջ։ Այդպէս էր երէկ, այդպէս պիտի մնայ նաեւ վաղը։
Եւ այս պահանջը միայն սկիզբն է արդարութեան կենսագործման։ Այս երթը միասնաբար կերտած են, ուր իր լինելութեան պիտի հասցնեն հայկական կեանքի ծիածանը կազմող բոլոր երագները, ամէնուրեք եւ անխտիր։
ՈՒՂԵԿԻՑ ԳԻԾԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Հայութեան պահանջատիրութեան ուղեկից գիծերուն վրայ, Եւրոպայի մէջ թէ այլուր, թրքաոճ այս սպանութեան դատապարտումի արտայայտութիւնները արձագանգեցին իրարու։ Պետական պատասխանատուներու թէ միջազգային մամուլին կողմէ յիշեցումներ կատարուեցան Թուրքիոյ, թէ անփուսափելիէն խուսափում կարելի չէ, թէ՝ ուշ կամ կանուխ, ան ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը։ Թուրքիոյ հանդէպ բարեացակամ, անոր ուրացումին ի նպաստ քուէարկող պետական անձնաւորութիւններու աչքերը «քօղարկող» մշուշը փարատեցաւ ու նոր ձայներ միացան Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչողներու ծաւալող փաղանգին։
Հաւկուրութեան խաղը շարունակել յամառողներուն պարագան միայն ժամանակի հարց է…
ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ
Ի՞նչ վիճակ ստեղծուեցաւ, ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ թրքական ճակատին վրայ։
Երբ կը խօսինք թրքական կողմին մասին, բացայայտ է, որ հոն կան բացայայտ ու քօղարկեալ շերտեր։ Կայ պետութիւնը, կան ծայրայեղական հոսանքներ )իսկ թէ այս երկուքը իրարմէ բաժնող գիծը ճիշդ ո՛ւր է՝ միշտ ալ հանելուկային բան մը ունեցած է սուլթան Համիտի ու Իթթիհատի օրերէն ի վեր(, կան նաեւ մամուլը, մտաւորականներ, Հրանդի թուրք բարեկամներն ու ժողովրդային զանգուած մը։
Արձանագրենք կարգ մը գլխաւոր գիծեր, որոնք պարզուեցան ոճիրին յաջորդող օրերուն։
Պետութիւնը փութաց դատապարտելու ոճիրն ու ձերբակալելու ոճրագործը, փորձելով աշխարհին ներկայանալ իբրեւ արդարութեան հետամուտ պատասխանատու կողմ։ Աշխարհին ցոյց տրուեցան ոճիրին վայրէն նկարահանուած ժապաւէններ, որոնց օժանդակութեամբ կատարուած էր ոճրագործին հետապնդումը։ Հետեւեցան նաեւ այլ բեմադրութիւններ, որոնցմէ մէկը՝ ոճրագործին տեղափոխութեան մէկ պահուն, անոր անզիջողութեան յայտարարութեան հրապարակումն էր։
Թէ պետական այդ ճիգերը զո՞վ կրցան համոզել, կը մնայ հարցական, որովհետեւ շուտով բացայայտ դարձաւ, որ ոճրային արարքէն քանի մը շաբաթ առաջ, Հրանդ Տինք պետական որոշ սպասարկութիւններէ բացայայտ սպառնալիք ստացած է. անոր յստակօրէն ըսուած է, թէ Ցեղասպանութեան գծով իր դրօշը պարզած պահելու պարագային, կեանքը վտանգի ենթակայ պիտի ըլլայ։
Այս փաստին դիմաց կը նսեմանան նաեւ ոճրագործը իբրեւ անչափահաս դատելու մասին բեմադրութիւնները։ Արդարեւ, պաշտօնական դատապարտումի յիշեալ խեղկատակութեան ընկերացան այլ վրան-բաց արարքներ. ոճրագործն ու անոր ձեռքը զէնք դնողները դատապարտումի ենթարկուեցան պետական պատասխանատուներու եւ անոնց քաղաքականութիւնը շուկայ հանող մամուլին կողմէ։ Այս բոլորը յայտնապէս մաս կը կազմեն ինքզինք ոճիրէն անպարտ պահելու թրքական պետութեան զուր փորձերուն, որոնց նախընթացներուն աշխարհը ականատես եղած է… աւելի քան 90 տարիէ ի վեր։ «Մենք բաժին չունինք»ը տասնամեակներ շարունակ յաջողած է համոզել միայն պատմական իրականութիւններէն անտեղեակ պահուող թուրք ամբոխները, որոնց անգիտութեան մէկ արտայայտութիւնն ալ՝ նոյնինքն այս ոճիրն է։ Յամենայնդէպս, այս կէտը ոչ մէկ ձեւով մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց է։
Պետական շրջանակներէ անդին, ծայրայեղական որակեալ շրջանակներ արդէն իսկ Հրանդի ոճրագործը սկսած են ներկայացնել իբրեւ հերոս, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ Ա. Աշխարհամարտէն պարտուած դուրս եկող Թուրքիոյ մէջ, Թալէթները դատական ատեաններու մէջ դատապարտող թուրքերը օր մըն ալ չվարանեցան հերոսացնել Ցեղասպանութեան գլխաւոր հեղինակները ու անոնց յուշարձանները կանգնել իրենց երկրին մէջ։ )Երեւակայեցէք, որ գերմանները Հիթլէրի յուշարձանը կանգնէին, կամ Քամպոտիոյ մէջ Փոլ Փոթը հռչակուէր ազգային հերոս…(։
Ամէնէն փափուկ դաշտը՝ ժողովրդային ու մտաւորականութեան արձագանգումներն էին։
Հրանդի յուղարկաւորութիւնը պատմական եղաւ Թուրքիոյ համար։ Յուղարկաւորները, հայ թէ թուրք, բարձրացուցած էին «բոլորս Հրանդ ենք» ու «բոլորս հայ ենք» արձանագրութեամբ պաստառներ։ Ոստիկանութիւնը այդ օրը )չես գիտեր ինչո՛ւ( նման արտայայտութիւններ չդասեց «թրքութիւնը անուանարկող արարք» )ամբաստանութիւն՝ որով Տինք դատարան տարուած էր(։ Ի վերջոյ, ամբողջ աշխարհի մամլոյ լուսարձակները Պոլսոյ վրայ կեդրոնացած էին, ու պետութիւնը կ՚ուզէր աշխարհին ցոյց տալ, թէ իր անհանդուրժողութեան մասին վերագրումները սուտ էին։ Հոս եւս թրքական պետութիւնը միայն ինքզինք կրցաւ համոզել, որովհետեւ նոյն այդ մամուլը աշխարհին յիշեցուց, որ Անգարայի վարիչները անհանդուրժող են նաե՛ւ թուրք մտաւորականներու հանդէպ, երբ անոնք կը խօսին արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մասին։ Նոպէլեան մրցանակաւոր Օրհան Փամուքի պարագան կը մնայ աղաղակող ապացոյց։
Ժողովրդային արձագանգումներու մէկ արտայայտութիւնը կարելի է նկատել «Ակօս»ի կայքէջը ողողող բազնահարիւր ցաւակցականները։ Հոն արձանագրութիւն պահած հայերու չափ կան թուրքեր, ականաւոր դէմքեր թէ պարզ, պատահական մարդիկ։ Ընդհանուր առամբ կը սգան Տինքի կորուստը, ամօթի արտայայտութիւններ կան հոն, ինչպէս որ եղաւ յուղարկաւորութեան օրը։
Կարելի չէ կասկածիլ, որ սուգի, ցաւակցութեան ու նմանօրինակ զգացումներու մէջ անկեղծութեան մեծ բաժին մը կայ, որովհետեւ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այս պարագային, Թուրքիոյ ժողովուրդը լիովին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան հետ։ Ցեղասպանութեան օրերուն ալ եղան թուրքեր, որոնք բարեացակամութիւն ցուցաբերեցին հալածական հայերու հանդէպ, եղան դրացիներ, բարեկամներ, որոնք սեփական կեանքն անգամ վտանգելու գնով պաշտպան կանգնեցան բռնագաղթի ենթարկուող հայերու, սակայն անոնք դժբախտաբար մնացին փոքրամասնութիւն եւ անոնց բարեկամական ճիգերը՝ յաճախ ապարդիւն։
Իսկ ինչ կը վերաբերի թուրք մտաւորականներու, մանաւանդ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ «սեւ ցանկ»ի վրայ դրուածներուն, շատեր միաբերան դատապարտեցին ոճիրը, ողբացին Տինքի կորուստը, զայն որակեցին Ցեղասպանութեան ընդունման պահանջը խեղդելու փորձ, ժողովրդավարութեան ու յառաջդիմութեան բռնադատութիւն. ձայնակցեցան մեզի՝ հայերուս. յայտարարեցին, որ Թուրքիոյ պետութիւնը չի կրնար խուսափիլ անխուսափելիէն, թէ՝ Թուրքիա ի վերջոյ պէտք է փոփոխութեան ենթարկէ թէ՛ Ցեղասպանութեան եւ թէ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան անտեսման իր վարքագիծը, չշարունակէ այն ստապատիր քաղաքականութիւնը, որով կը փորձէ միանալ Եւրոպական ընտանիքին։ Սակայն այս յայտարարութեանց չընկերացաւ պահանջ մը, թէ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՆԱԵՒ ՎՆԱՍՈՒՑ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, հատուցելու մեր մարդկային, հողային ու մշակութային կորուստները։
Ըսինք արդէն. Տինքի դէմ գործուած ոճիրը եւ անոր հետեւանքները, արձագանգները հանդիսացան մէկ մանրանկարը մեր պահանջատիրութեան ու անոր նկատմամբ Թուրքիոյ պետութեան վերաբերմունքին։
Սպանութենէն առաջ, ահա նաեւ անկէ ետք, Ցեղասպանութեան ընդունման պահանջի ձայները սկսած են քիչ մը աւելի ուժեղ հնչել Թուրքիոյ մէջ, նոյնօրինակ արձագանգներ գտնել միջազգային շրջանակներու մէջ։ Ասիկա եւս յառաջաքայլ մըն է մեր Դատին դիտանկիւնէն։ Տինքի զոհաբերումը, իբրեւ երեւոյթ, փաստօրէն նոր հանգրուան մը կը կազմէ մեզ յառաջ տանող ուղիին վրայ։
Այդ ուղին պիտի կերտուի հայութեան ծիածանին բոլոր երանգներով եւ մեզի ձայնակցողներուն համալրումով, ի խնդիր մեր իրաւունքներուն անմնացորդ կենսագործման։