ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Մայիս 4-26ին, Պերլինի մէջ նախատեսուած հայկական շարժանկարներու ցուցադրութեան ընթացքին, պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի արդի հայ բեմադրիչներու աշխատանքները:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի շարժանկարի մասնագէտներու եւ լրագրողներու ընկերակցութեան նախագահ Սուսաննա Յարութիւնեան եւ նշեց, որ ներկայացուելիք շարժանկարներուն մէջ կան Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներով ժապաւէններ: