ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու արձանագրութեան հիմնարկը (Armenian Bone Marrow Donor Registry, ABMDR) պիտի կազմակերպէ իր տարեկան 6րդ «Match for Life» դրամահաւաք-խնճոյքը, Կիրակի, Օգոստոս 5, 2007ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Խնճոյքի ընթացքին պիտի պատուուին հիմնարկի վարչութեան անդամները, Տարուան կինը՝ Քաթրին Փելի, Glendale Memorial հիւանդանոցի նախագահը, եւ Տարուան մարդը՝ Փաթրիք Փիթրի, San Joseph հիւանդանոցի վարչական պատասխանատուն:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը պիտի կատարէ իրաւաբան Մարք Կիրակոս: Հիմնարկի նախագահը պիտի պատուէ եւ ներկայացնէ նաեւ հիմնարկի այս տարուան աշխատանքներուն նպաստած կամաւորներն ու կատարուած աշխատանքները:
««Match For Life» ձեռնարկով անհրաժեշտ գումարները կը գոյացուին հիմնարկի աշխատանքներու կազմակերպման համար, ինչպէս նաեւ համայնքին մէջ հայութեան ներկայացնելու եւ բացատրելու ոսկրածուծի նուիրատուութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանգանակուած գումարները նաեւ կը ծառայեն հասնելու այն հայորդիներուն, որոնք մահացու հիւանդութեամբ կը տառապին եւ կը կարօտին ծինական համապատասխանեցման», հաստատեց հիմնարկի նախագահ դոկտ. Ֆրիդա Չորդըն: «Համայնքի ղեկավարութեան անհամեմատելի զօրակցութիւնը՝ Փէլիի եւ Փիթրիի օրինակով, մեծապէս օգտակար եղաւ հիմնարկի առաքելութեան, աշխատանքին եւ յուսատու խոստումի տարածումին», աւելցուց դոկտ. Չորդըն:
Հիմնարկին նուիրատուութիւն կատարել կարելի է զանազան միջոցներով եւ մակարդակներու վրայ:
Նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ են (Tax Deductible):
Անոնք, որոնք կը փափաքին հովանաւորել, կրնան հեռաձայնել (323) 663-3609 թիւին:
Յիշեցնենք, որ Armenian Bone Marrow Donor Registry-ի վարչական կեդրոնը հաստատուած է Լոս
Անճելըս, ինչպէս նաեւ տարրալուծարան ունի Երեւանի մէջ, Հայաստան:
ABMDR-ը ոչ հասութաբեր հաստատութիւն է, որուն առաքելութիւնն է հասնիլ ամէն հայու որ արեան առնչուող մահացու հիւանդութեամբ կը տառապի, եւ կարելի ամէն միջոց գործ դնել՝ ոսկրածուծի համապատասխանեցումով եւ երկարաժամկէտ դարմանումով փրկելու անոր կեանքը:
Դեկտեմբեր 2000էն ասդին, համազգային ճիգերով հիմնարկը արձանագրեց 12,000 նուիրատուներ, ստացաւ եւ ընթացքի մէջ դրաւ 780 հետախուզման թելադրանք, ստուգեց 480 հաւանական համապատասխանեցում եւ կատարեց ոսկրածուծի եւ ցողունային բջիջներու վեց պատուաստումներ Հայաստանի, ԱՄՆի եւ Եւրոպայի մէջ: Կայքէջի հասցէն է www.abmdr.am