ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յաձնախումբը որոշած է յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին օրակարգի վրայ դնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 106րդ բանաձեւը:
Եթէ յանձնախումբը վաւերացնէ բանաձեւը, ապա զայն կարելի պիտի ըլլայ հասցնել Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ’ընէ ամերիկահայութեան, որ շարունակեն այս հարցով դիմումներ կատարել իրենց քոնկրէսականներուն, այցելելով համացանցային հետեւեալ կայքէջը՝ http://capwiz.com/anca/callalert/index.tt?alertid=10340906&type=TA
Յանձնախումբին քննարկումը ուղղակի պիտի սփռուի համացանցային հետեւեալ կայքէջէն՝
http://foreignaffairs.house.gov/index.asp?subnav=close, սակայն քննարկումի ճշգրիտ ժամը տակաւին յայտնի չէ:
Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած Էտըմ Շիֆ անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պատմական եւ բարոյական պարտաւորութիւնը ունին Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ընդունելու: «Ինչպէս կրնան ազդու քայլերու դիմել կասեցնելու համար Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը, երբ ցեղասպանութիւնները դատապարտելու կամքը չունինք», հարց տուաւ ան:
Շիֆ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արտաքին յարաբերութեանց յաձնախումբի ատենապետ Թամ Լանթոսի եւ բարձրաստիճան անդամ Իլիանա Ռոս-Լեհթինընի, որոնք կարեւոր նպաստ բերած են բանաձեւը առաջ մղելու աշխատանքներուն: