ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.», «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Ուաշինկթընի մէջ Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին իր պաշտօնակից Քանտըլիզա Ռայսի հետ հանդիպումին ընթացքին երաշխիքներ ստացած է Ռայսէն, թէ կառավարութիւնը զօրակոչի ենթարկուած է, որպէսզի կարենայ արգելք ըլլալ Քոնկրէսին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման։
Կիւլ աւելի ուշ հայկական բանաձեւի մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Ազգային մամլոյ ակումբի սրահին մէջ։ Կիւլ դիտել տուաւ, որ բանաձեւին վաւերացումը անդարմանելի վնաս պիտի պատճառէ Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններուն, սակայն ուղղակի ազդարարութիւն մը չըրաւ, թէ վաւերացման պարագային ռազմական յարաբերութիւնները պիտի սառեցուին, ինչպէս որ ըրած էր Ֆրանսայի հասցէին, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Կիւլ ըսաւ. «Մենք որեւէ դժուարութիւն չունինք մեր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու գաղափարին հետ: Այդ դէպքերը պատահեցան պատերազմական շրջանի մը ընթացքին եւ մենք եւս 3 միլիոն մարդ կորսնցուցինք։ Մեր յարաբերութիւնները պէտք չէ այս հարցին պատանդը դառնան եւ այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնել: Մենք բացինք նոյնիսկ մեր գաղտնի արխիւները։ Այս պայմաններու մէջ մեծ ցնցում կը պատահի, եթէ այդ բանաձեւը վաւերացուի»։
Թրքական թերթերը կը նշեն, որ Կիւլ Ուաշինկթընի մէջ Հրանդ Տինքին մասին գնահատանքով խօսած է եւ ըսած. «Թէեւ շատեր չեն գիտեր, բայց իրականութիւնը այն է, որ Հրանդ Տինք միջազգային հրապարակներու վրայ մեր կեցուածքը կը պաշտպանէր իր ելոյթներուն մէջ»։