ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Յուլիս 29ին թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հաղորդած է, թէ Սամսոնի Մաթէր Տոլորոզա եկեղեցիին հոգեւոր հովիւ նշանակուած ֆրանսացի Սիմոն Մաթէոլի տուն ղրկուած է, որովհետեւ համացանցային կայքէջի մը մէջ պնդած էր, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Նորընտիր քահանան պիտի յաջորդէր հայր Փիէռ Պրոէնիսէնի, որ 12 տարիէ ի վեր կը ծառայէր Սամսոնի մէջ ու հիմա հանգստեան կոչուած էր։
Թերթին համաձայն, կաթոլիկ եկեղեցիի եպիսկոպոսապետ Լուիճի Փատուզի որոշած է քահանան ետ ղրկել: