ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ամերիկացի նշանաւոր դերասան Սիլվեսթր Սթալոն մտադրած էր շարժանկարի վերածել Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպը։ Այս լուրը բաւական աղմուկ յառաջացուցած էր Թուրքիոյ մէջ, ուր զանազան շրջանակներ գործի լծուեցան ամերիկացի նշանաւոր դերասանին ազդարարելու համար, որ Թուրքիոյ մէջ իր վայելած համբաւը պիտի կորսնցնէ, եթէ իրականացնէ այդպիսի ծրագիր մը։
Սթալոն, որ այս օրերուն Լոնտոն կը գտնուի, յայտարարութիւն մը ըրաւ իր այս ծրագրին ու ընդհանրապէս Հայկական Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ իր մտածումներուն առնչութեամբ։ Իր մեկնաբանութիւնը բաւական ծանր էր թուրք հանրային կարծիքին համար։ Դերասանը ըսաւ. «Ասիկա քաղաքական տաք գետնախնձոր մըն է. Թուրքերը 85 տարիէ ի վեր կը թաղեն այս խնդիրը»։
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը եւս արձագանգ հանդիսացաւ այս լուրին եւ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարելու միութեան նախագահ Սաւաշ Էղիլմէզ կազմակերպած է նամակներու տեղատարափի արշաւ մը, որպէսզի արգելք ըլլայ այս ժապաւէնին նկարահանումին։ Անգլիական թերթը աւելցուց, թէ Սթալոնի այս ժապաւէնը կրնայ շատ աւելի աղմուկ բարձրացնել, քան Մել Կիպսընի պատրաստած Յիսուսի չարչարանքներուն նուիրուած ժապաւէնը:
Թրքական «Քանալ թուրք» կայանը Հինգշաբթի օր բաւական երկար կանգ առաւ Սթալոնի այս ծրագրին վրայ ու հարցազրոյց մը կատարեց Էղիլմէզի հետ, որ հաստատեց, թէ այս ժապաւէնին դէմ բողոքի արշաւի մը ձեռնարկած է, բայց շատ ալ լաւատես չէ, որովհետեւ «սփիւռքահայութիւնը շատ ուժեղ է եւ շատ հետեւողական աշխատանք կը տանի հայկական պնդումներու ի նպաստ»։
«Սփիւռքը շատ լաւ կազմակերպուած է, ըսաւ Էղիլմէզ։ Այնքան լաւ կազմակերպուած է, որ կարելի չէ գլուխ ելլել անոր հետ։ Սփիւռքահայութիւնը այնքան ուժեղ է, որ այսպիսի նկարահանումի մը համար կարողացաւ համոզել Սթալոնի նման նշանաւոր մէկը։ Մենք զգուշութեան հրաւիրող նամակներ ղրկեցինք, սական անոնց դէմ բողոքի նամակներու տեղատարափ մը եկաւ մեզի ուղղուած։ Իսկապէս շատ դժուար է սփիւռքահայութեան հետ գլուխ ելլել», ըսաւ ան։