Այս օրերուն (Փետրուար 8-18), Պերլինի մէջ տեղի կ’ունենայ ժապաւէններու միջազգային փառատօն մը, ուր պիտի կայանայ առաջին ցուցադրութիւնը Պաուլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանի եղբայրներու ժապաւէնին՝ «Արտոյտներու ագարակը» անունով:
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Փետրուար 14ին եւ 15ին: Ժապաւէնը, որուն նիւթը Հայկական Ցեղասպանութիւնն է, արդիւնք է Իտալիա-Ֆրանսա-Սպանիա-Պուլկարիա համագործակցութեան: Գլխաւոր դերերը ստանձնած են քանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, Ալեխանտրօ Փրեզիոսի, Անճելա Մոլինա եւ ուրիշներ:
Պերլինի միջազգային փառատօնը սկսած է 1951ին, անոր պարգեւը ոսկեայ եւ արծաթեայ արջն է, որ Պերլինի խորհրդանիշն է:
Թաւիանի եղբայրներու այս ժապաւէնը հիմնուած է իտալահայ մտաւորական Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» վէպին վրայ, որ իրողութեան մէջ, հեղինակին մեծ հօր՝ Երուանդ Արսլանեանի պատմութիւնն է: Ժապաւէնի բեմագրութեան մէջ, զոր կատարած են բեմադրիչները, անունները փոխուած են:
ԴԻՊԱՇԱՐԸ
Արեւմտահայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող Աւագեան գերդաստանը հարուստ է եւ շրջապատի թուրքերուն եւ յոյներուն կողմէ յարգուած: Ասատուր Աւագեան բժիշկ է, ամուսնացած է իտալուհի կոմսուհիի մը հետ եւ կ’ապրի Վենետիկ: Արամ Աւագեան Արեւմտահայաստանի մէջ հողատէր է:
20 տարուան բացակայութենէ ետք, Ասատուր որոշած է այցելել իր ծննդավայրը: Արամ, կողակիցին՝ Արմինէի, եւ դեռատի քրոջ՝ Նունիկի հետ պատրաստութիւններ կը տեսնէ ընդունելու եղբայրը, եւ այդ նպատակով կ’ուզէ վերանորոգել իրենց ծննդավայր բնակարանը՝ արտոյտներու ագարակը: Այս ժամանակամիջոցին Նունիկ կը սիրահարուի թուրք սպայի մը: Սակայն ընտանիքին կողմէ այդ զգացական կապը անհանդուրժելի կը նկատուի:
Կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը: Ասատուր չի կրնար մեկնիլ իր ծննդավայրը, որովհետեւ Իտալիա պատերազմ հռչակած է Թուրքիոյ դէմ: Հայկական գաւառներուն մէջ ջարդերը սկիզբը առած են: Արամ իր ընտանիքին հետ կ’ապաստանի արտոյտներու ագարակին մէջ: Թուրքերը վրայ հասնելով կը սպաննեն Աւագեան գերդաստանի բոլոր տղամարդիկը եւ կը գերեվարեն կիները: Կը սկսի տարագրութիւնը: Ժապաւէնի մնացեալ բաժնի հերոսուհին Նունիկն է:
Նունիկի դերը ստանձնած է սպանացի դերասանուհի Փազ Վեկա, որ դերեր ստանձնած է Carmen, Spanglish եւ 10 Items or Less ժապաւէններուն մէջ: Մորից Պլեպթրօ դերեր ստանձնած է Munich, Free Rainer, The Walker ժապաւէններուն մէջ: Սպանացի դերասանուհի Անճելա Մոլինա դերեր ստանձնած է 60է աւելի ժապաւէններու մէջ եւ տիրացած սպանական շարժապատկերի զանազան մրցանակներու:
Փաուլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանի եղբայրները շարժանկարի ասպարէզ մուտք գործած են 1962ին, որմէ ետք, մինչեւ օրս բեմադրած են կարճամեթրաժ եւ լիամեթրաժ բազմաթիւ ժապաւէններ, որոնց շարքին Kaos, Good Morning Babylon, Un Altro Mondo e Possibile: 1977ի Քաննի փառատօնի Palme dOr մրցանակը խլեց իրենց բեմադրած Padre Padrone ժապաւէնը:
Ժապաւէնի գլխաւոր նկարահանողն է Ճիուզեփէ Լանչի, որ իտալական ֆիլմարուեստին մէջ ամէնէն փորձառուներէն կը նկատուի:
Նշենք նաեւ, որ հեռատեսիլի Alias շարքի աստղերէն հայազգի Մայքըլ Վարդան Հոլիվուտի ուշադրութեան արժանացաւ, շնորհիւ Թաւիանի եղբայրներու 1993ին բեմադրած Fiorile ժապաւէնին մէջ իր ստանձնած դերին:
Վէպի հեղինակ Անթոնիա Արսլան Իտալիոյ Փատովայի համալսարանին մէջ իտալական արդի գրականութեան դասախօսուհի է:
Գիրքը՝ Skylark Farm խորագրով թարգմանուած է անգլերէնի եւ կը վաճառուի Amazon-ի կայքէջին վրայ: