ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, «Նոյեան Տապան».- Յուլիս 4-7ին Սան Ֆրանսիսքոյի «Ֆէյրմոնթ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենան հայկական բարձր արհեստագիտութիւններու «ArmTech 2007» առաջին խորհրդակցութիւնը եւ ցուցահանդէսը:
«ArmTech 2007»ին պիտի ներկայացուին միջազգային գործարարութեան վերլուծութիւններ, առաջատար արհեստագիտութիւններ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող մասնագէտներու եւ ընկերութիւններու հնարաւորութիւններու ընդարձակումին:
Խորհրդաժողովի ժամանակ պիտի քննուին «Կառավարում, փորձարկում եւ գործիքաւորում», «Կենսարհեստագիտութիւններ եւ բժշկական սարքեր», «Կիսահաղորդիչներ եւ բաղադրիչներ», «Գործարար բանականութիւն եւ ձեռնարկութիւնների ծրագրային ապահովում», «Համացանց, բովանդակութիւն եւ թուային հաղորդակցում», «Հեռահաղորդակցութիւն, ցանցեր եւ կապ», «Զինուորական եւ փոխադրութեան համակարգեր», «Համակարգչային համակարգեր», «Ապահովութիւն եւ գաղտնիութիւն», «Ուժանիւթ» եւ քանի մը այլ թեմաներ: