ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Կէյւին Նիւսմըն նամակ մը յղած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի, կոչ ուղղելով անոր, որ կարելի արագութեամբ Ներկայացուցիչներու տան լիագումարի նիստի օրակարգին վրայ դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը՝ առ ի քուէարկութիւն:
Սան Ֆրանսիսքօ մաս կը կազմէ Նենսի Փելոսիի ընտրատարածքին:
Քաղաքապետ Նիւսմըն իր նամակին մէջ նաեւ իր ուժեղ զօրակցութիւնը յայտնեց բանաձեւին, աւելցնելով, որ ինք պատիւ կը զգայ իր այս կեցուածքով:
Միւս կողմէ, Հայ Դատի Յանձնախումբերը, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, ամիսներէ ի վեր իրենց ճիգերը լարած են, կարելի մեծ թիւով քոնկրէսականներու զօրակցութիւնը ապահովելու համար: Տեղական յանձնախումբերը հեւքոտ աշխատանքի լծուած են թէ՛ իրենց անմիջական շրջանակը գործի լծելով եւ թէ շփումներ հաստատելով ընտրուած պաշտօնատարներու հետ, բոլորին բացատրելով Ցեղասպանութեան բանաձեւը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:
Արդարեւ, Պոսթընէն մինչեւ Ֆլորիտա եւ Շիքակօ, մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ եւ Լոս Անճելըս, բոլոր հայկական համայնքներէ ներս բացատրական-լուսաբանական աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի բանաձեւին զօրակցող քոնկրէսականներու կարելի եղած չափով մեծ թիւ մը հնարաւոր ըլլայ ապահովել: