ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 14-20ին Երեւանի մէջ կազմակերպած է դպրոցականներու հայոց լեզուի ու գրականութեան 3րդ ողիմպիականը եւ հայագիտական գիտելիքներու համահայկական երկու մրցոյթները:
Ըստ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան բանբերին, այս ձեռնարկներու նպատակն է խթանել եւ խրախուսել հայոց լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան ու հայկական մշակոյթի իմացութիւնը:
Մրցոյթներու ընթացքին 14էն բարձր տարիքի դպրոցականները կրնան դրսեւորել իրենց գիտելիքները ու ստեղծագործական կարողութիւնները:
Հայագիտական գիտելիքներու մրցոյթը կ’ընդգրկէ հարցեր հայոց պատմութենէն եւ հայկական մշակոյթէն: Այս մրցոյթին կրնան մասնակցիլ նաեւ ոչ հայախօս պատանիներ՝ իրենց նախընտրած լեզուներով:
Հայոց լեզուի, գրականութեան ու հայագիտական գիտելիքներու մրցոյթներու յաղթողներուն համար սահմանուած են առաջին, 2րդ եւ 3րդ կարգի երեքական մրցանակներ: Նախատեսուած են նաեւ ասմունքի, ճարտասանութեան, հայրենասիրական երգի ու այլ ստեղծագործական մրցոյթներ, որոնց համար սահմանուած են յատուկ եւ խրախուսական մրցանակներ: