
Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895ին, Այնթապ: Մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք: Ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար, վտարուած է վանքէն։
1912ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլէճը։ Այդ շրջանին կը դառնայ Զարեւանդի (Զաւէն Նալպանտեան) գաղափարական գործունէութեան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն ամէնէն աշխոյժ մասնակիցն ու օգնականը։
1913ին կը կատարէ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ ՀՅԴի Այնթապի կոմիտէութեան։
1915ին կ՛անցնի Սուրիա, Համայի շրջանը։ Կը լծուի գաղթական հայութեան կազմակերպման աշխատանքին։
1918ին, զինադադարէն ետք, երկիր վերադարձող գաղթական հայութեան հետ, Ատուր Գապագեան դարձեալ Այնթապ կը գտնուի:
1919ին կ՛անցնի Պէյրութ, Լիբանան, եւ կ՛ուսանի Ամերիկեան համալսարանի Ատամնաբուժական վարժարանին մէջ, կը վկայուի 1924ին, իբրեւ բժիշկ ատամնաբուժ:
Ամուսնանալէ ետք, կը հաստատուի Հալէպ եւ կը գործէ իբրեւ ատամնաբուժ, մինչեւ 1948:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային եւ կուսակցական աշխուժ կեանք: Եղած է Բերիոյ թեմին ազգային ղեկավարներէն մէկը եւ ՀՅԴի Հալէպի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Եղած է ազգային գործիչ եւ ղեկավար: Սերտ գործակցութիւն ունեցած է յատկապէս ազգային գործիչ եւ ՀՅԴի գաղափարի ընկեր՝ Հրաչ Փափազեանի հետ:
ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի գործակիցը ըլլալով, Ատուր Գապագեան կենսական դեր կ՛ունենայ Սուրիոյ պետականութեան կազմակերպման եւ ազատագրական շարժման մէջ, միշտ նպաստելով հայութեան շահերուն:
1948էն, ետք կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ իր ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը: Կը դառնայ ՀՅԴի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի ղեկավար անդամներէ մէկը:
1963ին, ՀՅԴի 18րդ Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:
1967ին ՀՅԴի 19րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով, կը ստանձնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը՝ մինչեւ իր մահը։
Գապագեան եղած է տեսլական ունեցող, հաւասարակշռուած քաղաքական գործիչ, համազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող ազգային-կուսակցական անձնաւորութիւն, ողջմիտ մտաւորական, շրջահայեաց եւ ազգանուէր գործիչ:
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան կը մահանայ Շաբաթ, 22 Ապրիլ 1972ին, 77 տարեկան հասակին: Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ։
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
2. Վիքիփետիա՝ Ատուր Գապագեան։
3. Պէրպէրեան, Նազարէթ, «Տոքթոր Ատուր Գապագեան (1895-1972)», «Ասպարէզ», 4 Մայիս 2009։
4. «Օրինակելի Ղեկավարը. Ընկեր Ատուր Գապագեանի Անմոռանալի Յիշատակին Եւ Մահուան 41րդ Տարելիցին Առիթով», «Հայերն Այսօր», Երեւան, 4 Յունուար 2013։