Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1914ին: Ան զաւակն է Խարբերդի Եփրատ քոլէճի փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆէնքճեան) Պուճիքանեաններու եւ եղբայրը՝ դեղագործ Արմէն Պուճիքանեանի: Գարեգինին հայրը նահատակուած է Ցեղասպանութեան առաջին տարին, 1 Ապրիլ 1915ին: Այսպէսով, Պուճիքանեաններուն վեց զաւակներուն կրտսերը՝ Գարեգին, 1915ին, մէկ տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը:
1922ին, իր հօրեղբօր՝ Գերմանական քոլէճի երաժշտութեան փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը փոխադրուած է Լիբանան ու հաստատուած՝ Անթիլիաս:
Գարեգին Խարբերդի մէջ իր նախակրթութիւնը 2 տարի ստացած է Գերմանական որբանոցին մէջ, ապա յաջորդաբար մէկական տարի՝ Անթիլիասի Փափազեան փոքր վարժարանին ու Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
1928ին, շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանէն: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Lycee Francais-ի մէջ, ստանալով առաջին եւ երկրորդ Baccalaureat-ները:
1938ին դեղագործի վկայականը ստացած է Պէյրութի Faculte Francaise de Pharmacie-էն: Համալսարանական տարիներուն, հետեւած է նաեւ պետական երաժշտանոցի դասերուն ու վկայուած է իբրեւ ջութակահար: Եղած է այդ հաստատութեան հոգաբարձու, նոյն պաշտօնով ծառայած է նաեւ Academie Libanaise des Beaux Arts կաճառին:
Այդ տարիներուն, Գարեգին կը պատրաստէ իր տոքթորական տեսութիւնը, հետեւեալ խորագիրով. «Գինին՝ իր պատրաստութիւնը, քիմիական բաղադրութիւնը եւ գործածութիւնը», Faculté էն ստանալով Docteur en Pharmacie տիտղոսը: Հրաւիրուած է համալսարանէն՝ իբրեւ դասախօս դեղագործական նիւթերու: Այդ պաշտօնը շարունակած է մինչեւ մահը՝ Ապրիլ 1974:
Համալսարանին մէջ եղած է biophysique-ի բնալուծարանին տնօրէնը, Pere Dupre Latour-ի աջ բազուկը:
1940ական տարիներուն, երէց եղբօր՝ Արմէնին հետ դոկտոր Գ. Պուճիքանեան հաստատած է սեփական դեղարանը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh, Պէյրութի Պուրճ հրապարակին մօտ:
Այս դեղարանին` Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ Ministère de la Santé-էն, կը շնորհուի մանր դեղաշինութեան լիազօրութիւն: Հոն կը պատրաստուին կանանց յատուկ՝ հականեխական պատրոյգներ (ovules), հակապզուկի (anti-acne) եւ հակաոսպաբիծի (anti-lentigo) օծանելիք, բուսական պատրաստուկներ, մազի օճառահեղուկ (shampoo), ստամոքսի կեղի հեղուկ սպեղանի մը, Eau de Cologne ու ցաւամոքիչ Alta դեղահատը:
1958ի, Լիբանան քաղաքացիական առաջին պատերազմին, ամռան, Շաբաթ օր մը, Գարեգին Պուճիքանեան կ՛առեւանգուի, կը տարուի անյայտ տեղ մը: «Ատեանը» զինք մահուան կը դատապարտէ, պատին տակ կը կանգնեցնեն գնդակահարելու համար: Ճգնաժամին՝ դեղարանին մէկ յաճախորդը զինք ճանչնալով՝ կը փրկէ:
Զուգահեռ իր դեղագործութեան, Գարեգին Պուճիքանեան կը զբաղի կրթական գործունէութեամբ: Կը հիմնէ Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը: Կ՛անդամակցի «Վերածնունդ»ին, տարիներով կը ղեկավարէ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ երգչախումբը, ըլլալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան անդամ ու անոր դպրոցին մանկավարժական խորհրդատուն:
1951ին կ’ամուսնանայ դաշնակահարուհի եւ եկեղեցւոյ երգեհոնահար Զուարթ Սեմերճեանի հետ: Գարեգին եւ Զուարթ կը բախտաւորուին 3 դուստրերով:
Եղած է խոնարհ, ծառայասէր, ազգասէր, մշակոյթի ծառայող անձնաւորութիւն մը:
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան մահացած է 1974ին:
Անոր ու եղբօրը՝ Արմէնին կեանքի վաստակը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh դեղարանը, Լիբանանի քաղաքացիական Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան՝ Դեկտեմբեր 1975ին, հրոյ ճարակ կ՛ըլլայ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
2. Պուճիքանեան Ատոմէն ստացուած տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 2018: