ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական դրամատունը արձանագրած է «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան կողմէ հրապարակուող պարտատոմսերու արձանագրման յայտարարագիրը: Ընկերութիւնը սկսած է պարտատոմսերու բաժանորդագրութեան գործընթացը:
«Հայռուսկազարդ»ը կը նախատեսէ հրապարակել 1 միլիառ դրամ ընդհանուր արժէքով եւ տարեկան 9 տոկոս եկամուտ ապահովող 10 հազար դրամ անուանական արժէքով 100 հազար պարտատոմս: Պարտատոմսերու մարման ժամկէտը 18 ամիս է եւ զանոնք տեղաբաշխողը Cascade Invest ընկերութիւնն է:
Բաժանորդագրութիւնը կ’աւարտի Յունիս 19ին, սակայն ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ երկու շաբաթով՝ մինչեւ Յուլիս 3: