(15 Սեպտեմբեր 1954-19 Յունուար 2007)
ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954ին, Մալաթիա։ Փոքր տարիքին, ծնողքին հետ տեղափոխուած է Իսթանպուլ ու յանձնուած է Կէտիկփաշայի Հայոց խնամակալութեան։ Նախակրթարանի ուսում սկսած է Գումգափուի հայոց Պէզճեան վարժարանէն ներս այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սկիւտարի Ս․ Խաչ վարժարանի մէջ։ Աւարտած է Պետական համալսարանի Կենսաբանութեան ճիւղը 1978ին, իսկ 1987ին Փիլիսոփայութեան ճիւղը։
80ական թուականներուն, թրքական մամուլին աշխատակցելու կողքին աշխատակցած է նաեւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» օրաթերթին, «Ջութակ» ծածկանունով։
1996ին, պաշտպանելու համար թրքահայութեան իրաւունքները եւ նաեւ ներկայացնելու համար պոլսահայութեան ծայրայեղ մեկուսացումը, ան Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթին գլխաւոր խմբագրապետի պաշտօնը ստանձնեց։
Հրանդ Տինք նահատակուեցաւ 19 Յունուար 2007ին ազգայնամոլ թուրք երիտասարդի մը կողմէ, որը թէեւ դատարանի կողմէ ծանր պատիժի մը դատապարտուեցաւ, սակայն թուրք հասարակութեան լայն խաւերու կողմէ «հերոս» համարուեցաւ։


Հրանդ յաճախակի մահուան սպառնալիքներ ստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումին ի նպաստ բարձրաձայն իր արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան: Իր մտահոգութիւնները յայտնած է թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Ելոյթներ ունենալով շարք մը ժողովրդավարական հարթակներու վրայ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ, Հրանդ Տինք միշտ ընդգծած է Թուրքիոյ ժողովրդավարացման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ու կարծիքի արտայայտութեան ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ ընդհանուր առմամբ մարդու իրաւունքներու, եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքին իրաւունքներուն հարցերը։ Ան հրապարակային ելոյթներով եւ դասախօսութիւններով ուզած է իր ներդրումը բերել հայ-թուրք յարաբերութիւններու յստակացման եւ բարելաւման , եւ նաեւ ի մասնաւորի, ան մեծ ջանք թափած է թուրքերու եւ հայերու միջեւ փոխհանդուրժողութիւն հաստատելու համար։
Հրանդ Տինք երկխօսութեան կոչ ուղղած է եւ ըսած է հետեւեալը․ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է դուրս հանել 1915 մեթր խոր ջրհորէն»։