Ամսուան հերթական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 25 Դեկտեմբեր 2006ին, ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մեջ: Ճաշօրհնէքը ըրաւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ճաշը հովանաւորեցին Ծաղկանուշ եւ Երանուհի Սողոմոնեանները՝ Վահան Սողոմոնեանի յիշատակին:
Յայտագիրը սկսաւ միութեանս անդամ Յ. Յակոբեանի նուագով,
Ս. Գահվէճեանի (ջութակ) եւ Վազգէն Սեփէթճեանի (թմբուկ) ընկերակցութեամբ: Կատարուեցաւ պարի մրցում (թանկօ). շահեցան տէր եւ տիկ. Սիմոնեանները, իսկ վալսի մէջ՝ Ս. Գահվէճեան, պարընկերուհի ունենալով տիկ. Անի Փանոսեան: Շահողներուն տրուեցաւ եռագոյն դրօշ-գնդասեղ: Եղան ասմունքներ, որուն մասնակցեցան Պ. Քէշիշեան, Մարի Գարալեան եւ Սուրէն Գահվէճեան:
Մթնոլորտի ուրախ առիթէն ոգեւորուած, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, միութեան Կրթասիրաց ֆոնտին: Մինչեւ ժամը 3:45 տեւող ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «50 տարիս» երգով, զոր կատարեց Ս. Գահվէճեան: Ներկայ 70 անդամ-անդամուհիները սրտագին մաղթանքներ տալով ուրախ բաժնուեցան սրահէն: