
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Սեպտեմբերին հիւրընկալեց Արցախի տագնապին եւ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք Արցախի մանուկներուն դիմագրաւած ահաւոր փորձառութիւններուն նուիրուած The Tales Of The Blue Sky վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը, Հիւսիսային Հոլիվուտի El Portal սրահին մէջ։
Նախքան Վրոյր Թադէոսեանի բեմադրած ֆիլմին ցուցադրութիւնը, մօտաւորապէս 150 ներկաներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ շեշտեց, թէ իւրաքանչիւրս իր դերը ունի Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու բազմաճակատ պայքարին մէջ։


Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, «Էմի» մրցանակի արժանացած հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան առաջնորդեց ֆիլմին նուիրուած քննարկում մը բեմադրիչին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեանի եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Մարդկային իրաւանց «Խոստումը» հիմնարկին գործադիր վարիչ փրոֆ. Հանա Կերիի հետ։
Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան յայտնեց, թէ զանազան միջոցներով, ինչպէս այս վաւերագրական ֆիլմով, պէտք է մեր ձայնը յստակօրէն հասցնենք Ուաշինկթըն, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրկնելու Պաքուի ջանքերը։