
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան Միացեալ Նահանգներու 2024ի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութիւնները քննարկող Ներկայացուցիչներու տան յատուկ ենթայանձնախումբին իր առաջնահերթութիւնները ներկայացուց` շեշտը դնելով Արցախի փրկութիւնը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն վրայ:
Երիմեան շեշտեց, թէ այս միջոցին, երբ արցախահայութիւնը կը դիմագրաւէ ցեղային զտումի վտանգը, Ատրպէյճանի պարտադրած պաշարումին պատճառով, Արցախին պէտք է անյապաղ տրամադրել 75 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն, որուն 20 միլիոնը նախատեսուած է գաղթականներուն աջակցութիւն տրամադրելու, 15 միլիոնը՝ ուտեստեղէնի ապահովման, 10ական միլիոն՝ ուժանիւթի ապահովութեան երաշխաւորման, կրթական եւ առողջապահութեան մարզերուն, 5 միլիոնը՝ ջուրի եւ մաքրութեան ապահովման, 3 միլիոնը՝ վերականգնողական ջանքերուն, իսկ 2 միլիոնը՝ ականազերծման համար:
Ան նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց Ատրպէյճանի դէմ պատժական միջոցներու դիմելը, որպէսզի 2020էն ի վեր Արցախի եւ Հայաստանի դէմ անոր բռնարարքները չկրկնուին:
Հայաստանի գծով Երիմեան յայտնեց, թէ Երեւանին պէտք է տրամադրուի յատկապէս ապահովական աջակցութիւն, որպէսզի անիկա կարենայ դէմ դնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն:
Երիմեանի վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։
Նման վկայութիւն մը պիտի տրուի նաեւ Ծերակոյտին։