ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աւելի քան 700 ամերիկահայ գործիչներ, համայնքային ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային բարձրաստիճան դէմքեր ներկայ գտնուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին, որու ընթացքին ընդգծուեցան անցնող տարուան ընթացքին Հայ Դատի աշխատանքներուն ձեռքբերումները եւ գնահատուեցան արժանաւորներ:
Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 12, 2006ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Marriott պանդոկին մէջ: Ընդունելութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարելով, Յանձնախումբի անդամ Այտա Տիմիճեան ներկաներուն յայտարարեց, թէ «Ներկայացուցիչներու տունէն, Ծերակոյտէն եւ նահանգապետարաններէն ներս պայքարը պիտի շարունակուի՝ յենելով ձեր զօրակցութեան վրայ, քաջալերուելով ձեր աչալրջութենէն եւ ներշնչուելով ձեզմէ, որովհետեւ դուք էք Հայ Դատը, դուք էք Հայ դատի Յանձնախումբերը եւ դուք էք մեր ապագան»:
Ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան, քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ, նահանգային խորհրդարանի նորընտիր անդամներ Փօլ Գրիգորեան, Մայք Ֆիւըր եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Րաֆֆի Մանուկեան եւ Արա Նաճարեան, ինչպէս նաեւ քաղաքային, գաւառային եւ նահանգային բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեանց եւ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավարն էր ֆրանսահայ հռչակաւոր դերասան Սիմոն Աբգարեան, որ հրաւիրեց ներկաները ողջունելու դրօշակի արարողութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն կողմէ) եւ ամերիկեան ու հայկական քայլերգներու կատարումը՝ Մարիէթ Սուտճեանի կողմէ: Ճաշկերոյթը կը հովանաւորէին եւ կը հիւրընկալէին տիկ. Քէթի Սարուխանեան եւ ամուսինը՝ Վաչէ Մարկանեան, ինչպէս նաեւ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը:
Խօսք առնելով, Յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Տէտէյեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք մեր քաղաքական աշխատանքներու բոլոր մասնակիցներուն, ընդգծեց համայնքի բոլոր ուժերու մէկտեղումի անհրաժեշտութիւնը՝ դէմ դնելու համար Թուրքիոյ ուրացման վարքագիծին: Ան ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան սոսկ ճանաչումը, առանց արդար հատուցումի, կը նշանակէ թոյլ տալ ոճրագործին, որ ազատօրէն վայելէ իր ոճիրին «պտուղները»: Այս առիթով նաեւ, ան իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Հայ Դատի՝ անցնող տարուան ընթացքին մահացած գործիչներ Յարութիւն Գասպարեանը, Արամ Գարամարտեանը եւ Գուրգէն Խանճեանը:
Առաջին պաշտօնական խօսք առնողը եղաւ քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, որ դրուատեց Յանձնախումբի ճիգերը Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Ռիչըրտ Հոկլընտի դեսպան նշանակումին դէմ մղած պայքարին համար: Ան ընդգծեց քաջութեան անհրաժեշտութիւնը քաղաքական պայքարին մէջ ու իբրեւ օրինակ, նշեց նախկին դեսպան Ճան Էւընզի, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի եւ Էտըմ Շիֆի պարագաները, ինչպէս նաեւ Յանձնախումբի դերակատարութիւնը այս բոլոր դէպքերուն մէջ:
Խօսք տրուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեանի, որ ոգեշնչող եւ կուռ ճառով մը դրուատեց նախկին դեսպան Էւընզի քաջութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, տուաւ հարցին ամփոփ պատմականը, միաժամանակ ընդգծելով պետական բաժանմունքին խտրական վարքագիծը, որ ոչ միայն կը պատժէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած դիւանագէտ մը, այլ՝ դեսպանի պաշտօնին կը կոչէ Ցեղասպանութիւնը բացայայտօրէն ուրացող մը՝ Հոկլընտը: Ան պետական բաժանմունքէն պահանջեց ետ քաշել Հոկլընտի թեկնածութիւնը, բացայայտել Էւընզի պաշտօնազրկումի բոլոր ծալքերը եւ դադրեցնել Թուրքիոյ հետ մեղսակցութեան ամօթալի վարքագիծը:
Ան յայտարարեց, որ եթէ պետական բաժանմունքը յանդգնութիւնը չունի Էւնզը գնահատելու՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բարոյականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը վեր դասելու անոր ճիգերուն համար, այդ մէկը պիտի ընէ Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ճան Էւընզի (ի բացակայութեան) յանձնեց Յանձնախումբի «Ազատութեան մրացանակ»ը՝ ներկաներու որոտընդոստ ծափերուն տակ:
Ապա յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Լոս Անճելըսի կրթական բաժանմունքի ղեկավարներէն Պապ Քոլինզ, Ցեղասպանութեան նիւթը հանրային վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ ներառնելու անոր ճիգերուն համար: Ան արժանացաւ Յանձնախումբի «Տարուան մարդը» գնահատագրին: Ընդունելով պարգեւը, Քոլինզ յայտարարեց, թէ մտահոգ է Լոս Անճելըսի դպրոցներուն մէջ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ճակատագրով եւ ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է աշակերտներուն փոխանցել պատմութիւնը իր ամբողջ ճշմարտացիութեամբ՝ քանդելով խտրականութեան եւ կանխակալութեան բոլոր պատնէշները:
Երեկոյին, Յանձնախումբի «Վահան Գարտաշեան» գնահատագրին արժանացան Հայ Դատի երկարամեայ գործիչներ Խաժակ Սարգիսեան եւ Սերժ Սամոնեանց, առաջինը՝ ձեռամբ Ռոքսէն Մաքասճեանի, երկրորդը՝ Ճէք Հէճինեանի:
Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անցնող տարուան աշխատանքները պատկերացնող վաւերագրական ժապաւէն մը եւ երեկոն վերջ գտաւ ատենապետ Սթիւ Տէտէյեանի խօսքով: