ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Շաբաթասկիզբը Սաքրամենթօ այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ ներկայ ըլլալու համար նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի նոր անդամներ ընտրուած ներկայացուցիչներու երդման արարողութեանց ու շնորհաւորելու համար անոնց ապահոված ընտրական յաղթանակները:
Հայ Դատի Յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեան վարիչ Հայկ Յովսէփեան շեշտեց, թէ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած Փօլ Գրիգորեանի նման ներկայացուցիչները ողջունելը բնական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ նման ներկայացուցիչներ հայկական համայքի մտահոգութիւնները Սաքրամենթօ պիտի հասցնեն ու համայնքին շահերը պիտի պաշտպանեն հոն: Ան նաեւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը սերտ կապեր ունի մեծ թիւով նահանգային ներկայացուցիչներու եւ ծերակուտականներու հետ:
Յանձնախումբին ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ նորընտիր Լիլընտ Եիի գրասենեակը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցան Էնթընի Փորթանթինոյի ու նահանգային խորհրդարանի խօսնակ Ֆապիէն Նունիէզի հետ: