ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ հաստատած է հիմնադրամ մը՝ Հայ Դատի երկարամեայ նուիրեալ գործիչներէն հանգուցեալ Յարութիւն Գասպարեանի անունով: Հիմնադրամը պիտի գործածուի Հայ Դատի ուղղութեամբ ամերիկահայ երիտասարդներու դաստիարակութեան գործին համար: Հիմնադրամը, երբ ամբողջանայ, պիտի ըլլայ 50,000 տոլար:
Յարութիւն Գասպարեան, Լոս Անճելըսի Հոլիվուտի շրջանի ազգայիններէն, մահացաւ անցնող տարուան Յունիս 23ին: Ան իր յուշերուն մէջ արձանագրած էր իր փափաքը, որ հայութիւնը պէտք է սիրէ իր եկեղեցին ու փարի անոր, որովհետեւ եկեղեցին ազգն իսկ է: Իր համոզումով նաեւ, ժողովուրդին պարտքն է գործել ի նպաստ Հայ Դատին:
Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յայտնեց, թէ Յարութիւն Գասպարեան հայ հայրենասէրի մը տիպարն էր: «Յարութիւն Գասպարեան ու իր ընտանիքը պիտի մնան հայ Դատի Յանձնախումբի տիպար գործիչներ, միշտ պատրաստ օժանդակելու անոր ու միշտ պատրաստ՝ յառաջ մղելու հայոց դատը: Վստահ եմ, որ իր անունով հաստատուած հիմնադրամին շնորհիւ, նոր սերունդը պիտի վերցնէ ջահը ու զայն բարձր պահէ յառաջիկայ տասնամեակներուն»:
Յարութիւն Գասպարեան ծնած էր Ապրիլ 23, 1930ին, Աթէնք, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողներէ: Շատ փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրը ու նետուած աշխատանքի: 1946ին ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան, ուր ապրած է 22 տարի: Հոն շարունակած է ուսումը եւ ընտանիք կազմած Էլիզապէթ Փափազեանի հետ, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Արշօ եւ Վռամ: 1968ին, խորհրդային վարչակարգի դաժանութեան հետեւանքով հաստատուած է Մ. Նահանգներ, ուր զբաղած է գործարարութեամբ:
Ան իր ընտանիքով Հայց. եկեղեցւոյ գործունեայ անդամներէն էր, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի աչքառու զօրակցողներէն, Հոլիվուտի շրջանէն ներս: Յարութիւն Գասպարեան ջերմ հաւատացողն էր հայութեան արդար դատին ու այդ գծով ալ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբին: