Անձնական փափաքներու յագուրդ տալու միջոց մըն է չարահնար երեւակայութիւնը, որ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, հասնելու համար իր նպատակին:
Եկեղեցւոյ հայրերը վատ երեւակայութեան մասին իրենց տուած բացատրականին մէջ, առհասարակ բղջախոհութիւնը նկատի ունեցած են, մահացու մեղքերու շարքին եօթներորդը դասելով զայն: Այնտեղ երեւակայութեամբ սկսող մեղքերու բանալին միայն նշուած է, անոր հետեւող ցուցակը զանց ընելով: Սեռայնական գրգռութեամբ առաջնորդուող երեւակայութեան ստեղծած կացութեան անմարդկային՝ բնազդային կեանքի փոխուիլը, անոնք բաւականացած են բղջախոհութիւն կոչելով, որ մեղքերու շարանի մը առաջին քայլը կը հանդիսանայ:
Երեւակայութեան աշխատանքը, սակայն, միայն չի՛ սահմանափակուիր սեռային ցանկութեան նախապատրաստականի դերին մէջ: Չարահնար բազմածիր աշխատանք մը վերապահուած է ատոր, որովհետեւ երեւակայութիւնը այն անծայրածիր գրատախտակն է, որուն վրայ տարբեր գոյնի կաւիճներով ինչքա՜ն գիծեր կը քաշուին ու կը սրբուին նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին:
Չարահնար երեւակայութիւնը միայն անձնական աշխատանք մը չէ, որ մէկու մը երեւակայութեան մէջ կը ծնի, կը ծրագրուի ու կը գործադրուի: Այլ՝ անիկա ունի իր պաշտօնեաները: Մարդիկ՝ որոնք իրենց համար ասպարէզ ընտրած են չարահնար երեւակայութիւնը, զանազան նպատակներ հետապնդելով:
Բախտագուշակներ՝ զանազան հանգամանքներու հագուստներու մէջ ծպտուած, երբեմն Աստուծոյ ու Քրիստոսի սուրբ Աւետարանին անունը շահագործելով, չարահնար երեւակայութեան ինքնահռչակ պաշտօնեաներն են մեր ապրած ընկերութեան մէջ:
Անոնցմէ ոմանք գիտեն, թէ ինչո՞ւ համար կը բանի իրենց չարահնար երեւակայութիւնը (եւ այս տեսակն է ամէնէն վտանգաւորը), ուրիշներ նիւթական եկամուտ ապահովելու համար ջանասիրութեամբ գործի լծած են իրենց չարահնար «մեքենան», իսկ վերջին տեսակ մըն ալ կայ, որ իսկապէս չի՛ գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը բանի իրենց չարահնար երեւակայութիւնը, եւ ասոնք ամէնէն խղճալիներն են՝ բաղդատած առաջին երկուքին: Այս վերջինները կ’ապաւինին իրենց համար ալ անծանօթ ուժերու, ի քուն կամ յարթնութեան եղած տեսիլներու, երկինքէն կամ սանդարամետէն (իրենց համար ալ յստակ չէ՛ այս դժբախտաբար) լսուող ձայներու, եւ սակայն այնպէս կը զգան, թէ պէ՛տք է գործադրեն «ներսէն» եկող այդ հրահանգները:
Պատահական անձի, կամ անցորդի մը քաջալերանքը կը բաւէ, որ չարահնար երեւակայութեան պաշտօնեան հաստատէ իր գրասենեակը, ընդունի յաճախորդներ (միշտ կէս խելքով) եւ ծաւալէ իր գործունէութիւնը, յանուն ինչի՞… հաւատացէք, որ ի՛նք ալ չի գիտեր: Այսպէս, օրինակ, չարահնար երեւակայութիւն ունեցող մարդը, իր ատած անձը կը պատկերացնէ հիւանդ, անբուժելի ախտով մը վարակուած: Մինչեւ այստեղ, ան կը նմանի գիշեր ատեն մէկու մը վրայ գէշ երազ տեսնող անձին, որ առաւօտուն կը յիշէ իր տեսած երազը, կը սոսկայ պահ մը ու (ինչպէս մեծ մայրս կը թելադրէր ընել նման պարագաներու) հոսուն ջուրին կը պատմէ իր այդ գէշ երազը, որպէսզի անիկա «առնէ ու տանի»:
Չարահնար երեւակայութիւն ունեցողը, սակայն, կը տարբերի անկէ՝ նախ իր երեւակայութեան ծնունդ տուածը բոլորի՛ն բաժինը դարձնելով, ապա իր տեսած երազին տուած դարձեալ չար մեկնութիւններով, որոնք տուեալ անձին կեանքին վախճանը անպայմանօրէն կը հասցնեն ողբերգութեան մը: Ողբերգութիւն մը, որուն ամբողջական հոգիով կը սպասէ չարահնար երեւակայութիւն ունեցողը եւ ի վերջոյ հոգեպէս կը հրճուի անով:
Անշուշտ ցաւ է հաստատել, որ նման հոգեկան հիւանդներ միշտ ալ իրենց սուտ ու փուտին հաւատացող ողորմելի յաճախորդներ կ’ունենան: Անոնք ուղղակի իրենց բերնէն կամ մարմնի որեւէ մասէն կարթով բռնուած անբան ձուկերու նման, «վասն հացի» կը կախուին ու անգթօրէն կը նետուին չարահնար երեւակայութիւն ունեցողի անկուշտ զամբիւղին մէջ:
Պաշտօնապէս բախտագուշակ նկատուող խօսքի վաճառականներ կան, զորս կրնանք իբրեւ օրինակ տալ, չարահնար երեւակայութիւն ունեցողներուն իրավիճակը ու գործունէական կեանքը բացատրելու համար: Ի՞նչ է բախտագուշակներուն առաքելութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը գործեն անոնք՝ յաջողութիւն գտնելով իմացապէս միջակութիւն համարուող խաւին մօտ: Բախտագուշակ մը առաջին հերթին քեզի կը թելադրէ ըսելով.
_ Խօսէ՝ եթէ կ’ուզես լուծուած տեսնել քու բոլոր հարցերդ:
Սակայն, ան բնա՛ւ չի զգուշացներ, թէ՝ շատ խօսիլդ շարք մը նոր հարցեր կը ստեղծէ, որոնցմէ օգտուող միակ անձը ի՛նք պիտի ըլլայ: Ոմանք բախտագուշակի մը ձեռքը կ’իյնան «ճաթռտած» հոգիով, սակայն անոր ձեռքերով է, որ կ’իրականանայ վերջնական «կոտրտուք»ը: Այս բոլորին զատ, բախտագուշակը հոգեկան տագնապիդ վրայ նոր տոկոս մը կ’աւելցնէ, մինչ քու դրամատանդ հաշիւէն մեծ գումարներ կը պակսեցնէ անզգալաբար…: Ահա թէ ի՛նչ դերակատարութիւն կ’ունենայ բախտագուշակ մը, որուն դերը կարելի է նմանցնել մտային հիւանդներու յատուկ վարժարանի ամէնէն տաղանդաւոր աշակերտին ունեցած բեմական մէկ ելոյթին, որ բարձրօրէն կը գնահատուի ներկաներուն կողմէ: Ինչքա՜ն իմացապէս խեղճերով լեցուն է եղեր մեր ապրած ընկերութիւնը, երբ նման անձերու ըսածներուն կարեւորութիւն տուողներ կը գտնուին տակաւին եւ ի՜նչ հաւատարմութեամբ ալ կը գործադրեն անոնց ցափռտուքները:
Չարահնար երեւակայութիւն ունեցող մարդոց առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ, բարին չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան, հոգեւոր, մարմնաւոր, երկնաւոր, երկրաւոր աճուրդի հանուած են՝ վասն շահու եւ առեւտուրի: Չարահնար երեւակայութեամբ իր միտքը չարին ստրկացուցած անձին համար տարբերութիւններ չկան հոգեւորական բարձրագոյն իշխանաւորութեան հանգամանք ունեցող եւ եկեղեցական խոնարհագոյն աստիճանի վրայ գտնուող անձերուն միջեւ: Ո՛չ ալ ամէնօրեայ հարեւանութեամբ հանդիպող մարդուն, ու ամբողջութեամբ անծանօթ անձին միջեւ զանազանութիւն կը դնէ ան, որովհետեւ բոլորն ալ հաւասարապէս կրնան ծնիլ իր չարահնար երեւակայութեան պաստառին վրայ՝ միշտ նոր կարգավիճակներով: Այսպէս, առողջ մարդը, հիւանդ վիճակով, նոյնպէս՝ հիւանդը՝ առողջ: Հարուստը՝ աղքատացած, աղքատը՝ հարստացած: Թագաւորը՝ մուրացիկ, մուրացիկը՝ գերիշխան տէր, եւ այսպէս անհատնում օրինակներով կարելի է երկարել անոր մտացածին երեւակայութեան նիւթերը:
Հոգեկան հիւանդութիւն մըն է չարահնար երեւակայութիւնը, որուն ախտացեալները հեռու պէտք է պահուին ընկերութենէն, որովհետեւ տակաւին անոր դեղ ու դարման կարելի չէ՛ եղած գտնել: