ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 22ին, Սթրազպուրկի մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանին: Նստաշրջանի հիմնական հարցերը պիտի ըլլան Քոսովոյի իրադրութիւնը եւ երեխաներու իրաւունքները:
Ըստ ԵԽԽՎի ղեկավար Ռընէ վան տեր Լինտէնի, այդ թեմաներէն բացի, նստաշրջանի օրակարգին ընդգրկուած են նաեւ ուժանիւթի ապահովութեան հարցերը, հիւսիսային Օսէթիոյ եւ Հայաստանի վերաբերեալ դիտարկման զեկոյցները: Շտապ բանավէճերու շրջանակներով պիտի քննուի լրագրողներու կեանքի եւ ազատութեան սպառնալիքներու թեման:
Նստաշրջանի ընթացքին ծրագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ նուիրուած ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ԵԽԽՎի բանաձեւի իրագործումին:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 25ին եւ փակ է մամուլին համար: