ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար եւ պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 12ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ կարճատեւ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի իր պաշտօնակից Էւանղելոս Մէյմարաքիսի հետ, որ Յունաստան-Հայաստան տարանցիկ թռիչքով Աֆղանստան կ’ուղեւորուէր յունական խաղաղարար միաւորի զինուորներուն հետ հանդիպում ունենալու համար:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան հայ-յունական ռազմական գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցերու, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի մէջ յունական ստորաբաժանման կազմին մէջ խաղաղարար առաքելութեան լծուած հայ խաղաղապահներուն: