ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 16ին ժամը 12:30ին նահատակուած է «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած՝ Ատրպէյճանի բանակի արձակազէնի փամփուշտով վիրաւորուած հայկական բանակի զինուոր Ալեքսանդր Փափախչեանը, ծնած 1987ին:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, դէպքը տեղի ունեցած էր նոյն օրը, մարտական հերթապահութեան ժամանակ: Նահատակ զինուորը Վարդենիսի շրջանէն է: