ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մայրաքաղաքային գունդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղապահ առաքելութեամբ Քոսովօ մեկնող հայ խաղաղապահներու 6րդ հերթափոխի մեկնումի պաշտօնական արարողութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարի հրամանագիրի համաձայն՝ 34 զինուորականներէ բաղկացած խաղաղապահ դասակը վեցամսեայ ժամկէտով Քոսովօ պիտի գործուղուի Նոյեմբեր 15ին:
Ինչպէս իր ողջերթի խօսքով յայտարարեց պաշտպանութեան փոխնախարար, զօրավար Արթուր Աղաբէկեան, Հայաստանի բանակը հերթական անգամ ցոյց կու տայ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու իր պատրաստակամութիւնը եւ «Հայաստանն այս առումով դեռեւս մեծ փորձ չունի, սակայն վերջին երկու տարիների ընթացքում հայ խաղաղապահներն իրենց ծառայութեամբ, մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ արդէն իսկ վստահելի գործընկերոջ բարի համբաւ ունեն: Դրանով մենք ամուր հիմքեր ենք ստեղծում մեր խաղաղապահ ուժերի կառուցման համար»:
Փոխնախարարի խօսքերով՝ հայ խաղաղապահներու փայլուն ծառայութիւնը կը բարձրացնէ հայկական բանակի հեղինակութիւնը միջազգային ռազմական
գործակցութեան ծիրէն ներս եւ կ’ամրապնդէ միջազգային ատեաններու վստահութիւնը եւ յարգանքը մեր նկատմամբ: