ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տրապիզոնի մէջ աւարտած Սեւծովեան գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջին մարզական խաղերուն, Հայաստանի մարզիկներու նուաճած 12 շքանշանները՝ 2 արծաթ եւ 10 պրոնզ, կարելի է լաւ արդիւնք համարել: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մարզական պատուիրակութեան ղեկավար Եղիշէ Դաւթեան եւ նշեց, որ 2 արծաթէ եւ 2 պրոնզէ շքանշան նուաճած են ազատ ոճի, 4 պրոնզէ շքանշան՝ յունահռոմէական ոճի, 3 պրոնզէ՝ թաքուանտուի եւ 1 պրոնզէ շքանշան թեթեւ աթլեթի մարզիկներ:
Հայաստանը կը ներկայացնէին 38 մարզիկներ, որոնցմէ 18ը ֆութպոլիստներ:
Հայաստանի մարզիկները ընդհանուր խմբային դասաւորման մէջ գրաւեցին 9րդ տեղը: