2 Նոյեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան 93ամեակի նշումը:
Միութեան վարչութեան նախագահ Վազրիկ Յակոբեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց օրուան բանախօսը, Սպահանի Հայոց թեմի ազգային հասարակական գործիչ Թաթուլ Օհանեանի կենսագրական գիծերը:
Բանախօսը ներկայացուց Չհարմահալ գաւառի, ապա՝ «Չհարմահալ» միութեան պատմական տուեալները:
Միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղի նախագահ Վրթանէս Մկրտչեան այս առիթով յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները: Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին նաեւ Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան եւ Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վահէ Թարոյեան:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: