Տասնամեակներու ընթացքին տուփերու մէջ պահուած թերթեր, պարբերականներ ու պատկերներ սկսած են դուրս բերուիլ որովհետեւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկած է իր շուրջ հարիւրամեայ արխիւի դասաւորման, թուարկման եւ համակարգչային դրութեամբ պահպանման աշխատանքին, զայն հանրութեան մատչելի դարձնելու նպատակով։
Արխիւի դասաւորման այս աշխատանքին խթանը միութեան հարիւրամեակն է, որ պիտի նշուի 2010ին. այս առիթով լոյս պիտի տեսնէ նաեւ ՀՕՄի Հարիւրամեայ պատմութեան մասին հրատարակութիւն մը։
ՀՕՄի Արխիւի դասաւորման աշխատանքի ղեկավարութիւնը ստանձնած է ՀՕՄի հրատարակչական գործերու պատասխանատու Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, որ ամէն օր իր տեղը կը գրաւէ ՀՕՄի արխիւային նիւթերը պարունակող տուփերուն ու դարաններուն մէջտեղ եւ կը սկսի դասաւորել մէկ առ մէկ դուրս բերուող փաստաթուղթերը։ Այս փաստաթուղթերն ու այլ աղբիւրներ հիմք պիտի ծառայեն ՀՕՄի Հարիւրամեայ պատմութեան հատորի շարադրութեան եւ լոյս պիտի սփռեն ՀՕՄի Հայաստանի թէ սփիւռքեան գաղութներու մէջ կատարած ներդրումին վրայ։
Մարդ կրնայ հարց տալ, թէ ի՞նչ հարկ կայ հին ու դեղնած այս փաստաթուղթերը կազմակերպելու, եւ ի՞նչ կրնան 20, 50 կամ 100 տարի առաջուան գրութիւնները սորվեցնել այսօր մեզի՝ 21րդ դարու ճարտարագիտութեան պարտադրած արագ թափին մէջ ապրողներուս։ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը այս հարցին պատրաստ պատասխանը ունի.- «Առաջին կարգին, որեւէ կազմակերպութեան համար անհրաժեշտ է, որ ղեկավարութիւնը իմանայ, թէ տուեալ հարցը ինչպէ՞ս լուծուած է տուեալ ժամանակաշրջանին, որպէսզի ան այսպէս ըսած՝ անիւը վերահնարելով ժամանակ չվատնէ։ Հետեւաբար՝ առաջին պատճառը ներքին է։ Երկրորդ հիմնական պատճառը այն է, որ ՀՕՄի պատմութիւնը այնպէս մը ընդելուզուած է թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքահայ գաղութներու պատմութեան, որ պարտաւոր ենք մեր պատմութիւնը ժառանգել եկող սերունդներուն։ Հետեւաբար, պարտաւոր ենք պատմաբաններուն յանձնել կազմակերպուած ու լաւապէս դասաւորուած արխիւ մը, դիւրացնելու համար անոնց ուսումնասիրական աշխատանքները»։
Սոնենց-Փափազեանը յատկապէս ընդգծեց Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի եւ Արցախի Ազգային Ազատագրման ժամանակահատուածները, որոնց ընթացքին ՀՕՄի պատմութիւնը նոյնացաւ մեր հայրենի ժողովուրդի եւ սփիւռքեան գաղութներու պատմութեան հետ։ «Մեզի համար հիմնական է մեր դիտանկիւնի ներկայացումը, իսկ փաստաթուղթերը այդ հանգրուանի պատկերը պիտի ամբողջացնեն։ Առանց կազմակերպուած եւ վստահելի արխիւի ապագան կառուցելու հիմքերը կը կորսուին եւ կը բաւարարուինք մենք մեզ կրկնելով»,- ըսաւ Սոնենց-Փափազեան։
ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներու հին լուսանկարներու, զեկոյցներու, հրատարակութիւններու եւ նամակագրութեան ուսումնասիրութիւնը Սոնենց-Փափազեանին առիթ ընծայած է միութեան հարիւրամեայ մարդասիրական գործին ու այդ գործի հայ ժողովուրդին վրայ ունեցած ազդեցութեան բազմակողմանի պատկեր մը կազմելու։ Այս աշխատանքը հիմքը կը կազմէ Սոնենց-Փափազեանի պատրաստած ՀՕՄի Հարիւրամեակի պատմութեան հատորին։ Ան կը խոստանայ, որ այդ հատորը ՀՕՄի 1910էն 2010 աշխատանքներու ցանկագրում մը պիտի չըլլայ, այլ ՀՕՄի գործունէութեան ամբողջական վերլուծում մը՝ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ անկէ վերջ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, Հայկական Սփիւռքի կազմաւորման ընթացքին եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախ Հանրապետութեան հաստատման ժամանակահատուածին։
«Արխիւային այս աշխատանքը ընդլայնեց եւ սրեց ՀՕՄի դերին իմ պատկերացումը հայ կեանքին մէջ»,- կ՚ըսէ Սոնենց-Փափազեանը։ Ասոր որպէս օրինակ ան կը ներկայացնէ ՀՕՄի հիմնադրութեան հանգրուանը։ «Արխիւի ամբողջական ուսումնասիրութեան չգոյութեան պատճառով, ՀՕՄի հիմնադրութեան որպէս պատմութիւն ընդունած էինք այն պարզ վարկածը որ տասնամեակներու ընթացքին փոխանցուած էր մեզի։ Իրողութիւնը այն է, որ ՀՕՄի հիմնադրութիւնը շատ աւելի բարթ ու այլազան գործընթացներու արդիւնք եղած է, քան ինչ որ կը կարծենք։ ՀՕՄը զանազան կազմակերպութիւններու միացուլումի արդիւնքն էր, որ ժամանակի ընթացքին յանգեցաւ մերօրեայ միջազգային հսկայ այս կառոյցին, որ տարածուած է աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու մէջ»։
Ներկայիս որ ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակի մերօրեայ փաստաթուղթերը համակարգչային դրութեամբ կը դասաւորուին ու կը պահպանուին, միութեան հին արխիւը այդ դրութիւնը պիտի ամբողջացնէ պատմական փաստաթուղթերով։ Արխիւի ամբողջութիւնը փաստագրուած ձեւով լոյս պիտի սփռէ ՀՕՄի մարդասիրական աշխատանքին եւ անոր անդամներու Հայաստանի եւ Սփւռքին մատուցած ծառայութիւններու վրայ։
ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակէն ներս գտնուող արխիւներէն անկախ, ՀՕՄի մասին փաստաթուղթեր ալ կան Հայաստանի Պետական Արխիւին մէջ։ Այդ փաստաթուղթերէն օրինակներ պիտի տրամադրուին ՀՕՄին՝ միութեան արխիւը ամբողջական դարձնելու համար։
ՀՕՄի արխիւներու դասաւորումն ու ուսումնասիրութիւնը շարունակելով, Սոնենց-Փափազեանը կը շարունակէ զարմանք պատճառով տեղեկութիւններ յայտնաբերել, ինչ որ իր հետաքրքրութիւնը կը սրէ յաջորդ տուփի պարունակած տեղեկութիւններուն նկատմամբ։ «Ցարդ մեծագոյն անակնկալ պատճառող բանը որ յայտնաերեցի այն իրողութիւնն էր, որ ՀՕՄը Չինաստանի մէջ միաւոր ունեցած է։ Թէեւ այս յայտնաբերումը ցարդ հիմնուած է միայնակ փաստաթուղթի մը վրայ եւ յաւելեալ տուեալներ չունինք մեր տրամադրութեան տակ։ Աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ կարելի է հայու հանդիպիլ…»,- կ՚ըսէ ան։
Արխիւներու ուսումնասիրութենէն իր քաղած դասերու մասին խօսելով ան կը հաստատէ.- «Հիմնականին մէջ Սփիւռքի եւ Հայաստանի պատմութիւնը արձանագրուած է այդ փաստաթուղթերուն մէջ։ Անոնց ուսումնասիրութեամբ շատ աւելի լաւ ըմբռնում կը կազմես Սփիւռքի մասին, նոյնքան լաւ ըմբռնում կը կազմես Հայաստանի մասին։ Իսկ այս ըմբռնումը, որեւէ ապրող էակի նման, տեւաբար փոփոխութեան ընթացքի մէջ է»։
ՀՕՄը արդէն իսկ հիմնած է ՀՕՄի Հարիւրամեակի հիմնադրամը ապահովելու համար միութեան գործունէութեան շարունակականութիւնը յառաջիկայ հարիւրամեակին։ Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է ընել ՀՕՄին ձեր վճարագիրները գրելով «ARS Centennial Endowment Fund» անունին եւ զայն ուղարկելով հետեւեալ հասցէին.- ARS, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472, USA.
ՀՕՄի աշխարհատարած միաւորները եւս սկսած են հանգանակութիւններ կազմակերպել ՀՕՄի Հարիւրամեակի Հիմնադրամին համար։ Այս նպատակին նուիրատուութեան համար կրնաք կապուիլ ՀՕՄ-ի ձեր տեղական միաւորին կամ ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակին՝ վերեւի հասցէով կամ execdirector@ars1910.org ելեկտրոնային հասցէին։