ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Սեպտեմբեր 25ին սկսաւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական այցը Ռուսիա:
Կանուխ առաւօտեան, վարչապետ Սարգսեան եւ պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Մոսկուայի անյայտ զինուորի գերեզմանը եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին՝ անմար կրակի մօտ ծաղկեպսակ զետեղելով զոհուածներու յիշատակին:
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը, վարչապետին հետ, ուղեւորուեցաւ Ռուսիոյ կառավարութեան նստավայր, ուր տեղի ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը իր ռուս պաշտօնակից Վիքթոր Զուպքովի հետ: Մինչ առանձնազրոյցը, պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին վարչապետ Սարգսեան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց Ռուսիոյ վարչապետին՝ պաշտօնական այցի հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Զուպքովը՝ վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու եւ նաեւ Ռուսիոյ կառավարութեան կազմաւորման կապակցութեամբ: Ողջունելով հիւրերը եւ խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին, վարչապետ Զուպքով զայն համարեց երկարաժամկէտ, կայուն զարգացող եւ բարեկամական: «Երկու երկրների միջեւ երկխօսութիւնը շարունակական բնոյթ ունի: Մեր գործակցութիւնը վերընթաց զարգանում է», նշեց Ռուսիոյ վարչապետը:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու վարչապետները խօսեցան վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի 9րդ նիստին կայացած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքի եւ մինչեւ 2010 երկարատեւ գործակցութեան ծրագիրի գործադրութեան մասին: Բաւական գործնական մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ժամանակ արծարծուեցան շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին հաղորդակցութեան բարելաւման, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ռուսական դրամագլուխի ներգրաւման խթանման, ուժանիւթի՝ յատկապէս հիւլէական եւ կազի բնագաւառին մէջ գործակցութեան զարգացման, Հայաստանի մէջ քարիւղի զտարանի կառուցման, հայ-իրանա-ռուսական նախագիծի ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքի աշխուժացման, պետական պարտքի դիմաց Ռուսիոյ փոխանցուած հայկական հաստատութիւններու արդիականացման: Այս հարցերուն կապակցութեամբ Ռուսիոյ վարչապետը յստակ եւ որոշ ժամկէտներ յանձնարարեց համապատասխան պաշտօնատարներուն՝ ընդգծելով, որ գործընթացին մասին պարբերաբար պէտք է զեկուցեն իրեն եւ խնդիրները պէտք է ըլլան Ռուսիոյ կառավարութեան մշտական ուշադրութեան առարկայ:
Առանձնազրոյցի ընթացքին, վարչապետները երկուստեք գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման ընթացքէն, ապրանքաշրջանառութեան ծաւալի բարձրացումէն եւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ռուսական ներդրումներու մակարդակէն:
Զրուցակիցները նշեցին նաեւ, որ կը կատարելագործուի հայ-ռուսական յարաբերութիւններու իրաւական հէնքը:
Վարչապետ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց զրուցակիցին՝ շինիչ երկխօսութեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս հանդիպումը եւս կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան խորացման եւ զարգացման համար:
Հանդիպման աւարտին փաստաթուղթեր ստորագրուեցան եւ կայացաւ մամլոյ ասուլիս:
Այնուհետեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Ռուսիոյ վարչապետին կողմէ ի պատիւ Հայաստանի վարչապետին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:
Այսօր՝ Սեպտեմբեր 26ին, կը շարունակուի վարչապետ Սարգսեանի պաշտօնական այցը: