Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Էնսինոյի մէջ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները։ Հանդիպման, առաջնորդ սրբազան հօր կողքին, կը մասնակցէր նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որ սրբազան հօր տնօրինումով, Առաջնորդարանին եւ Եղբայրակցութեան միջեւ գործակցութեան համադրիչ կապն է։
Հանդիպման ընթացքին վարչութեան անդամները սրբազան հօր համապարփակ ձեւով ներկայացուցին Եղբայրակցութեան տարած աշխատանքները հոգեւոր մարզէն ներս եւ պարզեցին իրենց կատարելիք նոր ծրագիրները։ Առաջնորդը իր կարգին մեծապէս գնահատեց անոնց ունեցած անսակարկ նուիրումը Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հանդէպ, ինչպէս նաեւ անոնց տարած աշխատանքը՝ ի խնդիր հայ նոր սերունդի հոգեւոր դաստիարակութեան աճման ու զարգացման։ Սրբազանը նաեւ վերաշեշտեց, թէ Եղբայրակցութիւնը կը վայելէ թեմի անվերապահ գործակցութիւնը, աջակցութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւնը։
Յայտնենք, որ առաջնորդ հօր տնօրինումով, միաբան հայրերը յաճախակի կ՚այցելեն Եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ զանազան առիթներով կը դասախօսեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այս հանգրուանին եւս, հանդիպման ընթացքին, Եղբայրակցութեան վարչութիւնը խնդրեց հովանաւորութիւնը առաջնորդ սրբազանին՝ Գոհաբանութեան տօնին առթիւ կազմակերպելիք իրենց ձեռնարկին, 20 Նոյեմբերին։
Իսկ Շաբաթ օր, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Եղբայրակցութեան կեդրոնէն ներս երիտասարդաց խմբակին դասախօսեց Հ. Պարթեւը, նիւթ ունենալով՝ «Հայ եկեղեցին եւ Հալոուինի տօնը»։