ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը վերջերս տեսակցութիւն ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի խօսնակ Ֆապիէն Նունէզի հետ, անոր հետ քննելով ամերիկահայութեան առնչուող շարք մը օրինագիծեր:
Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրասենեակի պարագան, որուն մասին պատուիրակութիւնը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Նունէզի, որ խոստացաւ զօրակցիլ այս գրասենեակին ու քննել անոր գործունէութեան համար նահանգային օժանդակութիւն ապահովելու կարելիութիւնները:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էր նաեւ 43րդ ընտրաշրջանի ընտրպայքարի ընթացքին հայ համայնքին դէմ կատարուած յայտարարութիւններու հարցը: Անցնող Յունիսին, Փօլ Գրիգորեանի եւ Ֆրէնք Քուինթերոյի միջեւ մղուած ընտրապայքարի ընթացքին, California Latino Leadership Fund կոչուած կազմակերպութեան անունով հակահայ ու ցեղապաշտ յարձակումներ կատարուած էին Գրիգորեանի դէմ: Նունէզ դատապարտեց այս երեւոյթը եւ ընդգծեց, թէ նահանգային խորհրդարանի լաթինօ խմբակցութիւնը հիմնովին հակադրուած է ընտրապայքարի այս կեղտոտ միջոցներուն:
Վերջապէս, հայկական պատուիրակութիւնը արծարծեց նահանգային պաշտօններու վրայ աւելի մեծ թիւով ամերիկահայեր նշանակելու հարցը: Նունէզ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց կարող եւ ատակ ամերիկահայերու նշանակելու հարցով ու պատրաստակամութիւն յայտնեց այս ուղղութեամբ գործակցելու Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ: