ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, ժամը 20էն սկսեալ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի սկսին ամանորեայ տօնական հանդիսութիւնները: Այդ օրը տօնական համերգը պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամը 2 եւ պիտի եզրափակուի հրավառութեամբ: Յունուար 2ին, 4ին, 8ին եւ 10ին, ժամը 18-21, Ձմեռ պապի, Ձիւնանուշի եւ հեքիաթներու հերոսներու մասնակցութեամբ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուին երեխաներուն համար, իսկ Յունուար 6ին պիտի նշուի Ս. Ծննդեան տօնը:
Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան պետ Կամօ Մովսիսեան յայտնեց, որ Յունուար 13ին հին Նոր տարուան տօնակատարութիւններով պիտի եզրափակուին ամանորեայ հանդիսութիւնները: Նոյն օրը առաջին անգամ ըլլալով քաղաքապետարանին մէջ պիտի կազմակերպուի նորաձեւութեան երեւանեան մրցանակաբաշխութիւն: