Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ, Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ բախումներուն ստացած բուռն կշռոյթը պատճառ կը դառնայ, որ պատերազմի ընդարձակման մտավախութիւնները շեշտուին:
Այս իրականութեան դիմաց լուրջ եւ հետեւողական ջանքեր ի գործ կը դրուին` կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:
Ջանքերը ընդհանրապէս օտար պետութիւններու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ ի գործ կը դրուին, որպէսզի Իսրայէլ ապահովական յաւելեալ մագլցումներու չձեռնարկէ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի Եարուն գիւղին մէջ խումբ մը լրագրողներու վրայ Իսրայէլի յարձակումին գծով դատապարտումները շարունակուեցան:
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած են բողոք մը` Եարունի մէջ լիբանանցի լրագրողներ թիրախ դարձնելու՝ Իսրայէլի արարքին դէմ: